ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԼԻՑՔԱԹԱՓՈՒՄ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Երկու նախարարները առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։ Այս առթիւ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութիւնը ժամանակաւոր է եւ շուտով պիտի վերջանայ։ Ըստ Լաւրովի, այս դժուարութիւններու վերացումը պիտի նպաստէ խթանել եռակողմանի համագործակցութիւնը Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ։ Լաւրովի խօսքով՝ սա կ՚ընդգրկէ նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի զարգացման շրջանակներէն ներս կարեւոր նախագիծերու իրականացումը։ «Մենք պատրաստ ենք նպաստել մեր գործընկերներուն առկայ խնդիրներու լուծման գործին մէջ», ըսաւ Լաւրով։

Իր կարգին, Ապտուլլահիանն ալ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Թեհրան համոզուած է, թէ Կովկասի տարածաշրջանի լարուածութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ «3+3» ձեւաչափով։ Սա կ՚ենթադրէ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու եւ այդ տարածաշրջանի երեք մերձաւոր հարեւաններու մասնակցութիւնը։ «Մենք, ի հարկէ, պէտք է «3+3» դրոյթով, ինչպէս նաեւ առկայ դրոյթներով, առանց ուժի դիմելու կարգաւորենք հարցերը այս տարածաշրջանէն ներս», յայտարարեց Ապտուլլահիան եւ ընդգծեց, որ տարածաշրջանի տնտեսական հնարաւորութիւնները զարգացնելու համար դէպի կայուն խաղաղութիւն եւ ներառական անվտանգութիւն համատեղ շարժիլը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Այս իրավիճակին մէջ արտաքին միջամտութիւնն ալ անընդունելի է։ «Մենք կը կարծենք, թէ անհրաժեշտ է շարժիլ դէպի խաղաղութիւն ու կայունութիւն, արտաքին միջամտութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխելու ջանքերը գործօններ են, որոնք ա՛լ աւելի կը բարդացնեն իրադրութիւնը», յայտնեց իրանցի նախարարը։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023