ԱՀԱՒՈՐ ԱՒԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ապ­րուած զգա­յա­ցունց տմար­դի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ սրբապղ­ծու­թիւն­նե­րու զու­գորդ­մամբ։ Սու­րիա­հա­յու­թիւնն ու ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հը ե­րէկ ա­հա­ւոր ա­ւե­րի մը ա­կա­նա­տե­սը ե­ղան։ Այս­պէս, Հա­լէ­պի մէջ ռմբա­կո­ծու­թեան թի­րախ դառ­նա­լով ա­ւե­րուե­ցաւ Ս. Քա­ռա­սուն Ման­կանց հա­յոց ե­կե­ղե­ցին։ Հա­մա­ցան­ցի վրայ ար­դէն տա­րա­ծուած են խո­նար­հեալ սրբա­վայ­րին վե­րա­բե­րեալ դրուագ­նե­րը, ո­րոնք իս­կա­պէս անմ­խի­թար թո­ղած են հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը։ Սա ար­դէն քա­նիե­րորդ հայ­կա­կան սրբա­վայրն է, որ կը պղծուի, կը խո­նար­հուի՝ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն թի­րա­խը դառ­նա­լով։

Հա­լէ­պի մէջ Ճտէյ­տէ թա­ղա­մա­սէն ներս ե­րէկ ապ­րուե­ցան սաս­տիկ ու աւերիչ ռմբա­կո­ծում­ներ։ Սա այն թա­ղա­մասն է, ուր կը գտնուի յի­շեալ ե­կե­ղե­ցին՝ յա­րա­կից հայ­կա­կան կեդ­րո­նով, դպրո­ցով եւ ա­կում­բով։

«Ար­մէնփ­րէս» լրատու գործակալու-թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Րէի­սեան ե­րէկ խոր մտա­հո­գու­թեամբ անդ­րա­դար­ձած էր այս ի­րա­դար­ձու­թեան, երբ տա­կա­ւին կա­րե­լի չէր հաս­նիլ դէպ­քի վայր եւ ճշդել առ­կայ վի­ճա­կը։ Ա­ւե­լի ուշ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ա­մէն ինչ պար­զել ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը մեծ վրդով­մուն­քով վե­րա­հա­սու դար­ձաւ պա­տա­հած ա­ւե­րին։

Նոյն թա­ղա­մա­սին մէջ կը գտնուին նաեւ ա­սո­րի­նե­րու եւ մա­րո­նիտ­նե­րու սրբա­տե­ղի­ներ, իսկ բնա­կիչ­ներ գրե­թէ չկան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015