ԱՐԻԶՈՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐ ՄԸ ԿՈՏՐՈՒԵՑԱՒ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րի­զո­նա նա­հան­գի Սքոթս­տէյլ քա­ղա­քին մէջ խումբ մը վան­տալ­ներ կոտ­րե­ցին հայ­կա­կան խաչ­քար մը, որ կը գտնուէր շրջա­նի Սուրբ Աբ­գար ե­կե­ղեց­ւոյ ան­մի­ջա­կան շրջա­փա­կէն ներս։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­կե­ղեց­ւոյ ճար­տա­րա­պե­տը՝ Ար­թին Քանթ­ճեան յայտ­նեց, թէ իր կար­ծի­քով այդ խաչ­քա­րը դի­տա­ւո­րեալ ձե­ւով ջար­դուած է։ Ար­դա­րեւ, դէպ­քը հա­մընկ­նած է Ապ­րի­լի 24-ի շրջա­նին։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016