ԴԺՈՒԱՐ ՕՐԵՐ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս խօսքը իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդոցի երկունքին մէջ նոյնպէս Ղարաբաղը իր կարեւորագոյն տեղը ունեցաւ երկրին մէջ հասունցած անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարները բարձրաձայնելու համար: Մէկ ազգ եւ մէկ հայրենիք լոզունգը նոր փորձաքարի զարնուեցաւ արցախեան ճակատներուն առաջնային գիծերուն վրայ եւ հայութիւնը իր բոլոր թեւերով ինքնագիտակցութեան նոր փուլ մը ապրեցաւ:
Այս բոլորէն անդին սակայն 1994 թուականին ստորագրուած հրադադարը վերջնական լուծում մը չբերաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին: Այսօր քսաներկու տարի անցած է այդ հրադադարէն: Միջազգային հանրութեան երբեմն փութկոտ ու յաճախ անտարբեր հայեացքներուն տակ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կը շարունակէ ծանր խնդիր ըլլալ Հայաստանի ղեկավարութեան համար: Անցեալէն ժառանգուած այս թնճուկը տարբեր առումներով կը դժուարացնէ Հայաստանի բնական զարգացումը եւ լարուած ուժանակի ազդեցութիւն ունի Հայաստանի համար: Այստեղ խնդիրը դրական կամ ժխտական գնահատականներ ընելու խնդիր չէ, այլ կարեւորը առկայ վիճակին ճիշդ գնահատականներ տալն է:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար իր թէժութեամբ արցախեան հիմնախնդիրը այսօր դարձած է առաջնային օրակարգ: Խնդրին շուրջ համախմբուած է ամբողջ հայութիւնը, որովհետեւ Արցախի անվտանգութեան եւ անոր բնակիչներուն ապահովութեան հարցը հայ ժողովուրդին համար փաստացի «կարմիր գիծեր» են:
Տխուր է, որ անցնող քսան տարիներուն ընթացքին ոչ մէկ կողմ լրջօրէն աշխատանք տարաւ, որպէսզի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը արմատական լուծումներու հասնի: Կովկասի մէջ ուժանակի ազդեցութիւն ունեցող Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը այսօր եւս նոյն կարգավիճակին մէջ է:
Երբ 5 Ապրիլին Մոսկուայի «օրհնութեամբ» երկու հակամարտող կողմերը հրադադար կը յայտարարէին, բոլոր կողմերը կը խօսէին բանակցութիւններու ընթացքը արագացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Մոսկուա, որ կը գործադրէր իր բոլոր կարելիութիւնները՝ առաջ կը քաշէր Կովկասի մէկ ու միակ տէրը ըլլալու հանգամանքը: Չէր ուշանար Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի այցը Երեւան: Յատկապէս ռուսական լրատուական ծառայութիւններ կարեւոր փակագիծեր կը բանային այդ այցին եւ ընդհանրապէս Մոսկուայի կողմէ կողմերուն ներկայացուելիք առաջարկութիւններուն մասին: Մատրիտ, Սոչի եւ Քազան կը դառնային ամէնօրեայ քննարկումներու եւ լրատուական յայտարարութիւններու առանցք: Քննարկումեր, առաջարկներ, բանակցութիւններ… այս բոլորին մասին կը խօսուէր ու տակաւին կը խօսուի բացայայտ կերպով: Ռուսական կողմին մօտ առնուազն մակերեսային մակարդակի մը վրայ, որոշ վերապահութիւն մը կայ կապուած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտայայտած մտքերուն ու նաեւ պաշտօնական Երեւանի Լաւրովի այցին վերաբերեալ ցոյց տրուած որոշ սառնութեան համար: Այս բոլորէն բացի բացայայտ է նաեւ, որ Հայաստանի նախագահը Արցախի մէջ ծագած պատերազմէն ասդին կռիւ կը մղէ մի քանի ճակատներու վրայ:
Բնական է, որ ամենէն առաջնային ճակատը արցախեան սահմանային դիրքերու վերամիացումն ու առկայ բացթողումներու սրբագրումն է եւ այդ նպատակով էր, նաեւ, որ Սերժ Սարգսեան այցելութիւն կու տար Ստեփանակերտ, մօտէն ծանօթանալու համար ընդհանուր իրադրութեան:
Երկրորդ եւ կարեւորագոյն ճակատը բնականաբար արտաքին ճակատն է, որ այսօր կարեւոր եւ բեկումնային փուլի մը մէջ է: Եւրոպական ընտանիքին կողմէ ղարաբաղեան հակամարտութեան հանդէպ կեցուածքները ցարդ կը սահմանափակուին ընդհանուր կրաւորականութեամբ: Այդ կեցուածքները չեն հատեր յայտարարութիւններու առանցքը, այլ խօսք եթէ նոյն եւրոպական ընտանիքը յանկարծ փոփոխութեան ենթարկէ իր անցեալի դիրքորոշումները եւ հանդէս գայ ատրպէյճանամէտ կեցուածքներով: Այս բոլորէն բացի կարեւորագոյնը անշուշտ ռուսական կեցուածքն է ու վերջին օրերուն երեւացած Սերժ Սարգսեանի հանդէպ երեւելի դարձած ռուսական դժգոհութիւնները եթէ գործնական քայլերով ուղղորդուին, ապա պարզ կարելի է հասկնալ, որ Մոսկուա յառաջիկայ հանգրուանին պիտի ուզէ նոր դէմք մը տեսնել Երեւանի մէջ: Ցարդ հասկնալի ալ չէ, որ ռուսական կողմին համար ի՛նչ նշանակութիւն ունի հող յանձնելու մասին խօսակցութիւնը կամ փրակմաթիզմը: Մէկ բան յստակ է, որ Մոսկուա աւելի քան որեւէ ժամանակ մտադիր է լուծման տանիլ այս հակամարտութիւնը: Մանաւանդ, որ Միջին Արեւելքի մէջ գրանցուող զարգացումներուն հետեւանքով Մոսկուայէն բացի միւս ուժերը այդքան ալ հետաքրքրուած չեն Կովկասի ճակատագրով:
Սերժ Սարգսեանի համար երրորդ ճակատը ներքին ճակատն է: Ու հակառակ անոր, որ կարգ մը ընդդիմադիր ձայներ կը փորձեն Արցախի քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմին կրած ծանր վնասներուն վերաբերեալ իշխանութիւնները մեղադրել, յստակ է նաեւ, որ ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս այդ ձայները գետնի վրայ փոփոխութիւններ կատարելու ուժը չունին: Այլ խօսք, թէ ինչ գործընթացներ կրնան սկիզբ առնել պաշտպանութեան ոլորտի անձնակազմէն ներս, սակայն երեւելի է, որ ներքին ճակատը (եթէ կարելի է Հայաստանի ներքաղաքական պատկերը ճակատ կոչել) ամբողջութեամբ վերահսկելի է: Սերժ Սարգսեանի կողմէ կատարուած պաշտօնազրկումները լաւագոյն ապացոյց են, որ Հայաստանի տարբեր համակարգերը ընդհանուր առմամբ վերատեսութեան արժանի համակարգեր են: Այս խնդիրները անշուշտ պիտի բարձրաձայնուին միայն այն ատեն, երբ խաղաղած պիտի ըլլան արցախեան բոլոր սահմանները:
Յառաջիկայ հանգրուանին պարզ պիտի դառնայ, թէ Մոսկուա-Սերժ Սարգսեան յարաբերութիւնները ինչ մակարդակի վրայ են: Մոսկուա պատասխան կը պահանջէ իր ներկայացուցած առաջարկին դիմաց, իսկ Հայաստանի նախագահը մեծ ճիգիր կը վատնէ ժամանակ շահելու համար: Սերժ Սարգսեան նաեւ կը խօսի հրադադարի ամրացման եւ ապահովական երաշխիքներու մասին տեղին դիտարկում մը ընելով եւ ըսելով, որ անհեթեթ է բանակցութիւններու մասին խօսիլ, երբ ամէնօրեայ դրութեամբ Պաքու կրակէ օղակի տակ կը պահէ սահմանային ամբողջ գիծը:
Այլ խօսք՝ եթէ Մոսկուա անհամբեր ըլլալով կ՚անցնի «պատժիչ գործողութիւններ»ու եւ այս անգամ Հայաստանի ներքաղաքական օրակարգին մէջ այլ թատրերգութիւններ կը ներկայացնէ:
Սերժ Սարգսեանի վիճակը դժուար է: Աւելի՛ն. դժուար օրեր կը սպասեն անոր: Մէկ կողմէ հող տալու-չտալու մասին խօսակցութիւնները եւ միւս կողմէ Մոսկուայի խնդրին մասին ամբողջական կեցուածքին բացակայութիւնը կամ անընթերցելիութիւնը բարդ հարցումներ կը ստեղծեն: Եթէ նոյն Սարգսեանը պատրաստ էր ստորագրել Քազանի մէջ հասունցած համաձայնագիրը, այսօր ան չի կրնար նման ռիսքային քայլի մը դիմել:
Չի կրնար, որովհետեւ գետնը արիւն կայ: Ու այդ արեան դիմաց, որեւէ քաղաքական գործիչ կամ առաջնորդ համարձակութիւնը պիտի չունենայ զիջողական բանակցութիւններու մտնելու:
Պատմական փուլ մը մտած ղարաբաղեան տագնապի այս հատուածը առաւելաբար ջիղերու լարումի փուլ մըն է մանաւանդ, որ հայկական պաշտպանական բանակի զինուորները իրենց խօսքը ըսած են եւ պատրաստ են նոր մարտահրաւէրներու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան