ԻՎԵԹԱ ՄՈՒԿՈՒՉԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՍԹՈՔՀՈԼՄ

«Ե­րո­տե­սիլ 2016»ի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան։ Վա­ղը ան պի­տի մեկ­նի Սթոք­հոլմ, ուր նա­խա­տե­սուած է այս տա­րուան մրցոյ­թը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Շուէտ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան ե­րէկ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ «Եւ­րո­տե­սիլ»ի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Գո­հար Գաս­պա­րեա­նին հետ։

«Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի շրջագ­ծով Հա­յաս­տան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ թուա­յին փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րով հա­րուստ եւ հե­տաքրք­րա­կան շոու մը։ Բե­մադ­րու­թիւ­նը կը նմա­նի տե­սա­հո­լո­վա­կի։ Մու­կու­չեա­նի մեկ­նա­բա­նե­լիք գոր­ծը հա­մե­մուած է ազ­գա­յին, ճա­զա­յին մե­ղե­դի­նե­րով եւ ազ­գա­յին նուա­գա­րան­նե­րու հնչո­ղու­թեամբ։

Շուէտ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան շեշ­տեց, թէ բարձր է իր տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016