ՀԻՒՐԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը, ո­րու Իս­թան­պու­լի մէջ ներ­կա­յու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ժա­նա­ցաւ ան­նա­խըն­թաց հե­տաքրք­րու­թեան, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռաւ քա­ղա­քէս։ Նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյ­թէն վերջ հա­մոյ­թը վե­րա­դար­ձաւ Ե­րե­ւան՝ բո­լո­րի մտքին ու սրտին մէջ ա­պա­հո­վե­լով մշտա­կան տեղ մը։

Մինչ այդ, Է­սաեան սա­նուց մու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյթն ալ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի ար­դար հպար­տու­թիւն մը եւ ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Պա­րի պե­տա­կա­նի վեր­ջին ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր «Մա­րալ»ի կող­մէ։ Իս­կա­պէս ան­թե­րի կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը, ինչ որ հեր­թա­կան ան­գամ ե­կաւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ «Մա­րալ» մեր ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քի մղիչ ու­ժե­րէն մին է ու միշտ կ՚ար­դա­րաց­նէ իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016