ՍԷՐԿԷՅ ՇՈՅԿՈՒ. «ՏԱՊԱԼԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կու յայ­տա­րա­րեց, որ ՆԱ­ԹՕ պա­տան­դը դար­ձած է իր ա­ռան­ձին ան­դամ­նե­րու ար­կա­ծախնդ­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ Մոս­կուա­յի մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հին­գե­րորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ան այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ը­րաւ՝ ակ­նար­կե­լով Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ Թուր­քիոյ կող­մէ վար առ­նուած Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­նա­ւին։ Ըստ ի­րեն, Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մի ա­մե­նա­սուր հանգ­րուա­նին փոր­ձեր կա­տա­րուե­ցան Ռու­սաս­տա­նի մե­կու­սաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, սա­կայն ներ­կա­յիս այդ ջան­քե­րը տա­պա­լած են։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան ա­ւել­ցուց, թէ ան­զի­ջում տե­ղե­կա­տուա­կան պա­տե­րազմ մը կը շա­րու­նա­կուի Մոս­կուա­յի դէմ։

Սէր­կէյ Շոյ­կու շեշ­տեց, թէ Ռու­սաս­տան դէմ չէ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգն­ման, բայց կ՚ու­զէ այդ ար­դիւն­քին հաս­նիլ փո­խա­դար­ձու­թեան եւ բո­լո­րի հա­մար հա­ւա­սար ու ան­բա­ժա­նե­լի անվ­տան­գու­թեան հի­ման վրայ։ Ան ընդգ­ծեց, որ Ռու­սաս­տան կը նա­խընտ­րէ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ շփուիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ, ոչ թէ ռազ­մա­կան թի­րախ­նե­րու։ «Պրիւս­քէ­լէն եւ այլ շարք մը մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն մեր հաս­ցէին կը հնչեն կշտամ­բանք­ներ, իսկ ե­թէ խօ­սուի երկ­խօ­սու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ա­պա միայն ի­րենց հա­մար անհ­րա­ժեշտ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ ու բնա­կա­նա­բար՝ խիստ ու­սու­ցի­չի ո­ճով, որ կը նա­խա­տէ ծոյլ ա­շա­կեր­տը», ը­սաւ ան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Շոյ­կու նշեց, որ զի­նեալ ու­ժե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան հին դրու­թիւն­նե­րը ապ­րած են ի­րենց դա­րը։ Շոյ­կուի հա­մոզ­մամբ, սո­վո­րա­կան սպա­ռա­զի­նու­թեան պա­րա­գա­յին վե­րահս­կո­ղու­թեան նոր ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն դժուար պի­տի ըլ­լայ ստեղ­ծել՝ Եւ­րո­պա­յէ ներս վստա­հու­թեան առ­կայ սուր պա­կա­սի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2016