ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՆՈՒԱԶԱԾ
Վրաստանի բնակչութեան մարդահամարի արդիւնքներով (տեղի չէ ունեցած Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ), որ իրականացուցած է 2014-ին Վրաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, երկրի բնակչութիւնը 3.7 միլիոն է: Ատիկա 15 տոկսով պակաս է 2002 թուականի մարդահամարի արդիւնքներէն:
Ըստ արդիւնքներուն, Վրաստանի բանկչութեան 86.8 առ հարիւրը վրացիներ են՝ 3.2 միլիոն, 6.3 առ հարիւրը ատրպէյճանցիներ՝ 233 հազար, 4.5 առ հարիւրը հայեր՝ 168 հազար, 0.7 առ հարիւրը ռուսեր՝ 26.5 հազար:
Վերջին տարիներուն Վրաստանի մէջ նուազած է ոչ միայն բնակչութեան ընդհանուր քանակը, այլ նաեւ երկրին մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւնները: 1989 թուականի մարդահամարին տուեալներով, հայերը Վրաստանի մէջ կը կազմէին բնակչութեան ընդհանուր թիւին (5.4 միլիոն) 8 առ հարիւրը՝ 437 հազար եւ քանակով երկրորդ ազգութիւնն էին երկրին մէջ վրացիներէն ետք, իսկ ատրպէյճանցիները կը կազմէին 5.7 առ հարիւրը՝ 307.5 հազար: 2002 թուականի մարդահամարին տուեալներով հայերը արդէն կը կազմէին բնակչութեան ընդհանուր թիւին 5.7 առ հարիւր՝ 249 հազար, զիջելով երկրորդ տեղը ատրպէյճանցիներուն (6.5 առ հարիւր, 284 հազար): Այդպէսով, 12 տարուան մէջ հայերուն քանակը Վրաստանի մէջ կրճատուած է 81 հազարով կամ գրեթէ մէկ երրորդով, իսկ ատրպէյճանցիներունը՝ 51 հազարով՝ 18 առ հարիւրով:
Ըստ 2014 թուականի մարդահամարին, Վրաստանի մէջ կը բնակին նաեւ օսեր՝ 14.4 հազար, եզիտիներ՝ 12 հազար, ուքրանացիներ՝ 6 հազար, յոյներ՝ 5.5 հազար, ասորիներ՝ 2.4 հազար եւ այլ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ:
2014-ի բնակչութեան մարդահամարը տեղի ունեցած է Նոյեմբերի 5-19 թուականներուն: Մարդահամարը իրականացուած է Վրաստանի տարածքի 82 առ հարիւրին մէջ: