ՏՈՒՊԱՅԻԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանեան «Կալա Արտ» ցուցասրահի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայի քաղաքի հեղինակաւոր ցուցասրահներէն մէկում երկու ամիս  շարունակ ներկայացուած է հայ արդի կերպարուեստը: Ցուցադրուած է 21 արուեստագէտի աւելի քան 150 աշխատանք: Ցուցահանդէսը աւելի քան 5 հազար  այցելու ունեցած է: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեան զրուցած է «Կալա Արտ»ի հիմնադիր փոխ-տնօրէն Նուշիկ Միքայէլեանի հետ:

«Տուպային Միջին Արեւելքի մէջ արուեստի մեծ հարթակի կը վերածուի: Այս է պատճառը, որ այնտեղի արուեստի եւ ձեւագծման լաւագոյն կեդրոններէն մէկում՝ «D3 Dubai» (Եռաչափ Տուպայի) ցուցասրահին մէջ, երեք ցուցահանդէս  կազմակերպեցինք: Ներկայացուեցան հայ ժամանակակից ստեղծագործողներու գեղանկարներ, քանդակներ, քոլաժներ եւ այլ ժանրերու գործեր: Մեր նպատակը օտարներուն հայ կերպարուեստի առանձնայատկութիւնները ծանօթացնելն էր», ըսաւ Նուշիկ Միքայէլեան:

Ցուցահանդէսին անդրադարձած են շարք մը արաբական լրատուամիջոցներ: «THE GULF NEWS» օրաթերթին մէջ գրուած է. «Հայկական ժամանակակից կերպարուեստի անզուգական նմոյշները Տուպայիի մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանան»: «AL ARABIYA» հեռուստակայանը նոյնպէս չէ շրջանցած ցուցահանդէսը՝ ուղիղ եթերի վրայ խօսք տրամադրելով Նուշիկ Միքայէլեանին: Վերջինս արաբերենով ներկայացուցած է հայկական կերպարուեստի ցուցահանդէսներու շարքը:

Սուրիացի յայտնի գրող, «Al  ITTIHAD» արաբական  թերթի լրագրող Ղալիա Խոճան յօդուած մը գրած է ցուցահանդէսներու մասին՝ խօսելով նաեւ «Հայ մարդը եւ անոր պատմութիւնը, հայոց պատմութեան ազդեցութիւնը հայկական կերպարուեստի վրայ» նիւթին շուրջ:

Նուշիկ Միքայէլեան ընդգծեց, որ Տուպայիի մէջ որոշ ցուցասրահներ հայ արուեստագէտներէն մի քանիի գործերու նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են եւ այժմ բանակցություններ կ՚ընթանան այդ  ստեղծագործութիւնները իրենց մօտ ներկայացնելու համար: Առաջարկներ եղած են նաեւ Քաթարէն, Էր Ռիատէն:

Ցուցադրուած որոշ գործեր վաճառուած են, սակայն Միքայէլեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ իրենց գերխնդիրը զանոնք վաճառելը չէ, այլ միջազգային աճուրդի տուներու, միջազգային թանգարաններու մէջ հայկական ժամանակակից կերպար-ւեստը պատշաճ ձեւով ներկայացնելն է: «Յաճախ համաշխարհային աճուրդի տներու մէջ  անուանի նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի եւ այլոց գործերը կը ներկայացուին ռուսական արուեստի խորագրի ներքոյ: Մենք կ՚ուզենք ընել ամէն հնարաւորը, որ ի վերջոյ հայկական արուեստ, կերպարուեստ հասկացութիւնը մտնէ միջազգային շուկայ», խոստովանեց փոխ-տնօրէնը:

«Կալա Արտ» ցուցասրահը հիմնադրուած է 2012 թուականին, Երեւանի մէջ: Հիմնադիր տնօրէններն են ամուսիններ Աւետիս Պէրպէրեանը եւ Նուշիկ Միքայէլեանը:

Ցուցասրահի հիմնական նպատակներէն է միջազգային արուեստի շուկային մէջ հայկական կերպարուեստի տեղը հաստատել՝ հայ արուեստագէտներու աշխատանքներով հանդէս գալով լաւագոյն միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին։ Գործունէութեան հիմնական մաս կը կազմէ նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներու բացայայտումն ու միջազգային ասպարէզի մէջ անոնց աշխատանքներու տարածումը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018