«ՊԱՐԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Երէկ, ամբողջ աշխարհի, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ, նշուեցաւ Պարի միջազգային օրը։ 

Ռազմապարերու միջոցով հնարաւոր է հայ մարդուն վերադարձնել հայ ըլլալու հպարտութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին Պարի միջազգային օրը՝ ապրիլի 29-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան: 

Իսկ հոգեբան Սամուէլ Խուդոյեանն ալ աւելցուց, որ պարը լարուածութենէ, բացասական լիցքաւորումներէ ձերբազատուելու հոյակապ միջոց մըն է:

«Կարին»ը կը գործէ 18 տարիէ ի վեր եւ համոյթի պարող-պարուհիներու միջեւ երբեք խնդիրներ չեն ծագած, քանի որ պարը հոգեդարմանում է: Երբ պարողները ուս-ուսի, թիկունք-թիկունքի կը պարեն, նոյն համասեռ հոգեւոր դաշտը կը ստեղծուի, եւ անոնց միջեւ հակասութիւնները գրեթէ կը բացառուին: Ներքին մաղձէ, լարուածութենէ ազատելու համար  բաւական է պարել», նշեց Գագիկ Գինոսեան:

Ան ընդգծեց, որ պարը ինքնանպատակ ու վերջնակէտ չէ, այն միջոց է, որով հայ քաղաքացին կը դաստիարակուի  հայ ինքնութեան բանաձեւով՝ ճանչնալով ինքզինք եւ դառնալով հայրենատէր: «Րաֆֆին կ՚ըսէր, որ հնարաւոր չէ սիրել հայրենիքը առանց զայն ճանչնալու», գրողի խօսքերը մէջբերեց Գինոսեան եւ յաւելեց, որ իրենք չեն սորվեցներ  պարզապէս պարել, այլ  կը փորձեն պարի միջոցով հայ մարդուն վերադարձնել հայ ըլլալու հպարտութիւնը:

Խօսելով ռազմական ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագրերուն մէջ ռազմապարեր ներառելու մասին՝ Գինոսեան ըսաւ, որ  արդէն զրուցած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան»  ռազմական համալսարանի ղեկավարին հետ: Ճշդուած է դասացուցակը, եւ մի քանի օրէն համալսարանէն ներս կը սկսին ռազմահայրենասիրական պարեր դասաւանդելու գործընթացին: «Եթէ միայն գործնական դասեր ըլլան, պարը կը վերածուի կշռութաւոր մարմնամարզութեան: Հնարաւոր չէ ռազմական, հարսանեկան կամ թաղման պարը նոյն ոգիով, նոյն հոգեբանութեամբ պարել: Եթէ մենք կարողանանք այնպէս ընել, որ մեր զինուորը, մեր սպան պարեն կռուելու պէս, ապա անոնց համար կռիւը պարելու պէս թեթեւ կը դառնայ», շեշտեց համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը:

Սամուէլ Խուդոյեանի կարծիքով՝ պարը հաճելի ֆիզիքական գործունէութիւն մըն է, որ անհրաժեշտ է բանակին համար: «Խմբային պարը համախմբուածութիւն կը ձեւաւորէ. խումբի անդամները կը սկսին զիրար զգալ: Իրարու հետ պարող մար-դիկ կը ջերմանան ու կը սերտանան միմեանց հետ, իսկ ռազմահայրենասիրական պարը հայրենասիրական դաստիարակութեան հզօր խթան է», հաւաստիացուց ան:

Ինչպէս ծանօթ է, Թատրոնի միջազգային կաճառի եւ Պարի միջազգային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ 1982 թուականէն ի վեր ապրիլի 29-ը կը նշուի որպէս Պարի միջազգային օր՝ ի պատիւ ժամանակակից պալէի հիմնադիր, ֆրանսացի պարուսոյց Ժան Ժորժ Նովէրի ծննդեան օրուայ: Եւրոպայի մէջ ապրիլի 29-ը շքեղօրէն կը նշուի պետական մակարդակով, իսկ 1995 թուականէն ի վեր Պարի միջազգային օրը կը նշուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեան ներքոյ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019