Երեքշաբթի 7, Յունուար 2025
ԶԵԿՈՅՑ
Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։
Ժողովս բացուեցաւ աղօթքով եւ աղօթելով ի հանգիստ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր հոգւոյն։
Օրակարգի նիւթն էր պատրիարքական ընտրութեան դիմում կատարելու ձեռնարկին մասին։
Յետ խորհրդակցութեան եւ կատարուած գաղտնի քուէարկութեան ստացուեցաւ հետեւեալ արդիւնքը։
5 ձայնով՝ ընտրութեան դիմում կատարել փոխանորդի եւ կրօնական ժողովի ատենապետի միասնական ստորագրութեամբ։
3 ձայն՝ պատրիարքական ընտրութեան գործնթացին սկսիլ տեղապահի ընտրութեամբ։
1 ձայն՝ ձեռնպահ
Որոշուեցաւ առանց յապաղումի դիմում կատարել կուսակալութեան։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019