ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Եւրոասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ համախմբուեցան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետները։ Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ, որ երէկ երեկոյեան հասաւ Երեւան։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ հիւրընկալեց ռուս պաշտօնակիցը։ Մետվետեւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան-Աննա Յակոբեան ամոլին կողմէ։ Երկու վարչապետները առանց փողկապներու անմիջական զրոյց մը ունեցան քննարկելով երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընթացքն ու համագործակցութեան հեռանկարները։ «Մեր երկիրները դաշնակիցներ են, ունին յարաբերութիւններու իւրայատուկ պատմութիւն եւ յոյս ունիմ՝ շատ լաւ ապագայ», ըսաւ Տիմիթրի Մետվետեւ։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ մատնանշեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս շատ կարեւոր պահ մըն է։ «Ես վստահ եմ, թէ հակառակ յոռետեսներուն՝ մենք կը յաջողինք մեր յարաբերութիւնները բարձրացնել նոր մակարդակի, ոչ թէ ի հեճուկս յոռետեսներու, այլ կը կարծեմ, թէ պէտք է յոռետեսները դարձնել լաւատեսներ։ Ի հարկէ, մենք ամէն ինչ կ՚ընենք ասոր համար», ըսաւ Փաշինեան։

Հարկ է նշել, որ Հայաստան ներկայիս Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019