ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Փորթուգալի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման որոշման։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստան կ՚արժեւորէ Փորթուգալի խորհրդարանին կողմէ արտայայտուած դիրքորոշումը եւ երախտապարտ է ցաւակցութիւններուն համար։

«Համաձայն ենք, որ յիշողութիւնը ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարրն է», նշուած է Երեւանի կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Անգարա բողոք յայտնած էր այդ որոշման դէմ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019