ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԷՐՊԻԼ ԱՅՑԵԼԵՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Էրպիլ։ Նախարար Չավուշօղլու վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ։ Այդ բոլորէն վերջ Չավուշօղլու երէկ Էրպիլի մէջ տեսակցեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի, փոխ-վարչապետ Քուպաթ Թալապանիի եւ Անվտանգութեան գործակալութեան խորհրդատու Մեսրուր Պարզանիի հետ։ Նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ Իրաքի թիւրքմենական ճակատի Էրպիլի իրաւասուներուն հետ։

Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլուի հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Իրաքի ընդհանուր կացութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ Անգարա-Էրպիլ քաղաքական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները։

2017 թուականին Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած էր անկախութեան հանրաքուէ մը, որուն դէմ եղած էր Թուրքիա։ Այդ թուականէն ի վեր առաջին անգամ թրքական կողմէն բարձր մակարդակի մը վրայ այցելութիւն տրուեցաւ Էրպիլ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019