ՋՈՒՂԱՅԻ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔ

Երէկ, Երեւանի մէջ, «Պուքինիստ» գրախանութի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական շնորհանդէս մը, որու ընթացքին հետաքրքիրներուն ծանօթացուեցաւ Ջուղայի ոչնչացուած խաչքարերուն վերաբերեալ շահեկան պատկերագիրք մը։ Այսպէս, հնագէտ-լուսանկարիչ Արամ Վրոյր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան խաչքարերու լուսանկարները, անոնց վերաբերեալ գիտական ու պատմական տեղեկութիւնները ամփոփած է պատկերագիրքի մը մէջ։ «Ջուղա. հարիւրամեայ ցեղասպանութեան վկան» կը կոչուի այս պատկերագիրքը, որ պատրաստուած է չորս լեզուով՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն։

Պատկերագիրքին կից ներկայացուած է Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման մասին պատմող՝ «21-րդ դարու վանտալները» եռալեզու վաւերագրական ժապաւէնի խտասկաւառակը։

Այս գիրքի համահեղինակներն են Աշոտ Մովսէսեան եւ Արշակ Բանուչեան։ Գործը հրատարակուած է «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի կողմէ։

«Ջուղայի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւնը մեզի համար այնքան արժէքաւոր էր, որ խոր ցաւ ապրեցանք, երբ ան ոչնչացման ճակատագրի արժանացաւ։ Այս նախաձեռնութիւնով փորձեցինք ամբողջ աշխարհին հասանելի դարձնել շատ կարեւոր իրողութիւն մը, ցոյց տալ, որ խաչքարերը եղած են։ Խաչքարերը ոչնչացուած են Ատրպէյճանի վարած ցեղասպան մշակութային երկարատեւ քաղաքականութեան հետեւանքով», ըսաւ այս առթիւ ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերտեան։

Շնորհանդէսի ընթացքին Արշակ Բանուչեանն ալ ընդգծեց, որ Ջուղայէն ընդամէնը մնացած է 25 խաչքար եւ անոնք ներկայիս կը գտնուին Էջմիածնի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019