ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՏԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ներկայիս քաղաքական խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ Արցախի զանազան կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այս ծիրին մէջ ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի ազգային հերոս, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար եւ «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Պապայեանի հետ։ Հանդիպումէն վերջ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային խորհրդակցութիւնները շարունակելու համար։

«Շինիչ քննարկում մը ծաւալեցինք քաղաքական հաւանական համագործակցութեան եւ այդ համատեսքին մէջ մեր ծրագրային հիմնադրոյթներու համադրելիութեան շուրջ։ Արցախի խաղաղ եւ կայուն զարգացման գործին մէջ երկուստեք կարեւորեցինք ներքին միասնականութիւնն ու առկայ մարտահրաւէրներու համընդհանուր ջանքերով դիմագրաւումը», նշեց Արայիկ Յարութիւնեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020