«ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ» ՄՐՑՈՅԹԸ

Հայաստանի «Միրզոյեան» պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ մայիսին։ Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ մայիսի 10-13 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ մեծանուն յօրինող, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Եդուարդ Միրզոյեանի անուան ձօնուած պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը, որ այս տարի կ՚իրականացուի 8-րդ անգամ:

Մրցոյթը կ՚իրականացուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի գործընկերութեամբ:

Մրցոյթի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ մայիսի 10-ին, Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ։ Այս հանդիսութեան ելոյթ կ՚ունենայ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը: Նոյն օրը հանդէս կու գան նաեւ «Միրզոյեան» առաջին մրցոյթի դափնեկիրները: Մայիսի 11-ին Յօրինողներու միութեան մէջ տեղի կ՚ունենան երկու տարիքային խումբերու մրցութային փուլերը, իսկ մայիսի 13-ին՝ կալա-համերգն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որու շրջանակներէն ներս կը հնչեն մրցանակներու արժանացած մասնակիցներու ստեղծագործութիւնները:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Միրզոյեան» մրցոյթին իրաւունք կ՚ունենան մասնակցելու մինչեւ 18 տարեկան հայազգի ստեղծագործողներ՝ ընդգրկուելով տարիքային երկու խումբերու մէջ: Կրտսեր խումբի ներկայացուցիչները  (մինչեւ 13 տարեկան) պէտք է ներկայացնեն 1 ստեղծագործութիւն՝ գրուած որեւէ գործիքի համար (առաւելագոյնը՝ 10 վայրկեան տեւողութեամբ), իսկ աւագ խումբի մասնակիցները (14-18 տարեկան)՝ մինչեւ 4 գործիքի համար գրուած 1 ստեղծագործութիւն (առաւելագոյնը՝ 15 վայրկեան տեւողութեամբ):

Բոլոր մասնակիցները կը պարգեւատրուին մասնակցութեան վկայականներով, խրախուսական նուէրներով, հնարաւորութիւն կ՚ունենան Երեւանի Պետական երաժշտանոցի արուեստանոցին մէջ ձայնագրուելու։ Իսկ այն մասնակիցները, որոնք արժանացած են մրցանակներու՝ կը պարգեւատրուին պատուոյ գիրերով եւ մրցոյթի անուանական բաժակներով: Կը նախատեսուին նաեւ դրամական պարգեւատրութիւններ երկու խումբերու յաղթողներու եւ մրցանակային հորիզոնականներ զբաղեցուցած մասնակիցներու ուսուցիչներու համար:

Յայտերը անհրաժեշտ է ուղարկել մրցոյթի «ֆէյսպուք»ի էջին մինչեւ մայիսի 8-ը՝ կցելով անձնագրի կամ ծննդեան վկայականի պատճէնը, յայտաձեւը, նաեւ ստեղծագործութեան ձայնանիշները (կրնայ ըլլալ նաեւ ձեռագիր՝ ընթեռնելի տարբերակով):

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021