«GALATA» ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾԱՏՈՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Արամ Քալենտերօղլուի «Կալաթա» ընկերութիւնը դասուած է Թուրքիոյ լաւագոյն գործատուն։ Այսպէս, «Կալաթա» բեռնափոխադրութեան ընկերութիւնը Թուրքիոյ՝ 2021 թուականի լաւագոյն գործատուի պարգեւին արժանացած է, 100-250 աշխատողներով ընկերութիւններու դասաւորման մէջ։ Հարկ է նշել, որ «Կալաթա» ընկերութիւնը արդէն երկրորդ անգամ արժանացած է այս պատուաբեր կոչման։

Ընկերութեան սեփականատէրը՝ Արամ Քալենտերօղլու, որ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ժրաջան տարրերէն մին է, այս առթիւ յայտնած է, որ իրենց ընկերութեան մշակոյթի հիմքին կը գտնուին աշխատողները, որոնց ապահոված հարստութիւնն ու ներդրած վաստակը անսահման երախտագիտութեան արժանի են։

«Կալաթա» բեռնափոխադրութեան ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ տուեալ բնագաւառի յառաջատարներէն կը համարուի՝ իր մատուցած միջազգային չափանիշներու համապատասխան ծառայութիւններով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021