ԲԱՐՁՐ ԼՈՂԱՒԱԶԱՆ…

Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կառուցուած է երկու բնակելի շէնքերը իրարու միացնող 35 մեթր բարձրութեամբ լողաւազան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի յայտնի թաղամասերէն մէկուն մէջ կառուցուած է լողաւազան մը, որ կը գտնուի երկու նոր բնակելի շէնքի միջեւ՝ 35 մեթր բարձրութեան վրայ։ Ինչպէս կը ներկայացնէ «Oddity Central»ը, թափանցիկ լողաւազանի երկարութիւնը կը կազմէ 25 մեթր։ Ան պատրաստուած է աքրիլիք նիւթէ եւ կրնայ մինչեւ 673 հազար լիթր ջուր պարունակել։

Լողաւազանը հնարաւորութիւն կու տայ լողորդներուն հանգստանալէ յետոյ վայելել դէպի խորհրդարանի շէնքը, «Լոնտոնի աչք» սատանայի անիւը եւ մայրաքաղաքի համապատկերին բացուող տեսարանը։

Մինչ այդ, ժամանակակից փորձագիտութիւններու եւ ճարտարապետական նորարարութիւններու շնորհիւ «Երկնային լողաւազան» (Sky Polo) անուանումը ստացած աւազանը կրնայ դիմանալ երկու տասն յարկանի շէնքի միջեւ տեղի ունեցող բնական շարժումներուն։ Այս իւրօրինակ լողաւազանի բացումը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ մայիսի 19-ին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021