ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ՀՐԴԵՀ

Երեւանի մէջ այս առաւօտ ծագեցաւ հրդեհ մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ այն փապուղիին մէջ, որ մայրաքաղաքի կեդրոնը կը միացնէ Հրազդան գետի կիրճին։ Ծուխերը արդէն դուրս եկան փապուղիէն՝ կուտակուելով մուտքի հատուածին։ Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց հրդեհին։  Փրկարար ծառայութեան պաշտօնեաները յատուկ դիմակներ կը կրէին՝ ծուխի մէջ աշխատելու ժամանակ պաշտպանուելու համար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021