ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ Տուշանպէի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի ժողովին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, ըստ որու Պաքու «Զանգեզուրի միջանցքը» պիտի բանայ անկախ Երեւանի համաձայնութենէն։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանութեան խորհուրդներու քարտուղարներու նիստին ժամանակ Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ սա Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ուղիղ սպառնալիք մըն է։ «Այս բաները կարելի չէ անտեսել՝ յատկապէս հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ակրեսիւ նկտրումները», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան, որ ժողովի ընթացքին խստօրէն քննադատեց նաեւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմական աւարի պուրակը»։ Ան նման պուրակի մը ստեղծման գաղափարը ինքնին ֆաշիզմի դրսեւորում համարեց։

Մինչ այդ, Արմէն Գրիգորեան Տուշանպէի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ Անոնք ընդգծեցին երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու եւ յատուկ ծառայութիւններու միջեւ համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը։ Արմէն Գրիգորեան Հայաստանի շուրջ անվտանգային միջավայրի ապահովման համատեսքին մէջ անդրադարձաւ բանակի լայնածաւալ բարեփոխումներուն։ Ան այս հարցին մէջ կարեւորեց Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը։ Իր կարգին, Նիքոլայ Փաթրուշեւ կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը։ Ան նաեւ ընդգծեց տարածքաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացման անհրաժեշտութիւնը։

Արմէն Գրիգորեան եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւ Տուշանպէի հանդիպման ընթացքին հաստատեցին՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու 2021-2022 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021