ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի իրերայաջորդ աշխատանքային այցելութիւններ տալ դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ 5-6 մայիսին Սերկէյ Լաւրով շփումներ պիտի ունենայ Երեւանի, իսկ 10-11 մայիսին՝ Պաքուի մէջ։ Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս աշխատանքային այցելութիւնները նախատեսուած են՝ երեք երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ շաբթուայ հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անդրադարձաւ Սերկէյ Լաւրովի այս մօտալուտ այցելութիւններուն։ Իր խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքները կը շարունակուին։ Ան այս հանգամանքը ընդգծեց՝ պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հաւանական ընդլայնման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հաստատման ուղղեալ դրոյթներու մշակման։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մարիա Զախարովա յարմար չդատեց մեկնաբանել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի արձագանգները։ Քրեմլինի եւ Էլիզէի պալատի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Փութին եւ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու համար ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021