ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՄԱՆ ՓՈՐՁ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ՝ մանաւանդ հարաւին, կացութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Նախընթաց օր, ժամը 11.40-ի սահմաններուն, այդ լարուածութեան դրսեւորումներէն մին այս անգամ նկատուած է սահմանի հիւսիսային հատուածին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս N զօրամասի պահպանութեան տեղամասէն ներս, Ատրպէյճանի Ալիպէյլի բնակավայրի կողմէն խախտուած է շփման գիծը։ Քաղաքացիական հագուստով շուրջ 10 հոգի անցած է միջդիրքային տարածք։ Այդ անձերը 30-40 մեթր երկարութեամբ խողովակներ ունեցած են իրենց հետ։ Ամենայն հաւանականութեամբ անոնց նպատակն էր ջուր հասցնել՝ յիշեալ տարածքի մօտակայ Ատրպէյճանի յենակէտը։

Նկատելով Հայաստանի զինեալ ուժերու յառաջապահ դիրքերու զինուորները՝ քաղաքացիական տարազով այդ անձերը շտապ հեռացած են դէպի Ալիպէյլի բնակավայրը խողովակները թողլով միջդիրքային տարածքին մէջ։ Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումները զսպուածութիւն ցուցաբերած են ու չեն ենթարկուած սադրանքներու։ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած այդ աշխատանքները դադրեցուած են։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Հայաստանի բանակի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները իրավիճակը կը վերահսկեն սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով ու կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ԱԱԾ-ի փոխ-տնօրէն Ստեփան Մելքոնեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Սիւնիքի իրավիճակին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ան մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ սահմանային շերտէն ներս մշտական բնակութիւն պէտք չէ ըլլայ։ «Մեր մօտ այնպիսի իրավիճակ մը ձեւաւորուած է, որ սահմանագծի մօտ կը բնակին։ Այս բոլորը ժամանակի ընթացքին պէտք է լուծում ստանան», ըսած է ան։

Ստեփան Մելքոնեանի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ պէտք է սահմանային շերտ մը ստեղծուի եւ այնտեղ շփումը ուղղակի պէտք է բացառուի։

Ըստ Մելքոնեանի, բնականաբար, կարելի չէ ըսել, որ Սիւնիքի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը հանգիստ է եւ ռիսքեր կամ մարտահրաւէրներ չի պարունակեր։ Ան այս առումով բնական համարեց Սիւնիքի բնակիչներու առկայ անհանգստութիւնը։ Ստեփան Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ այս հարցը սահմանափակուած չէ միայն Սիւնիքով, այլեւ ի զօրու է ամբողջ բնագծին համար։ Արդարեւ, բնագիծը տակաւին վերջնականօրէն կարգաւորուած չէ։ Երբ ռազմաքաղաքական իրավիճակը հանդարտի, ապա հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի, որպէսզի երկկողմանի յանձնաժողովներ ստեղծուին եւ այդ հարցերը քննարկման առարկայ դարձուին։ Այդ ժամանակ ամէն ինչ աւելի յստակ պիտի ըլլայ։

Այժմ հայկական կողմէն կը գործէ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ սահմանի վերաբերեալ հարցեր, զանազան տարիներու քարտէսներ, որոնց հետ կը համադրուին շահերը, պետական մարմիններու մօտեցումները։ Այդ յանձնաժողովը կը գործէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

Բաց աստի, Մելքոնեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի ԱԱԾ-ի պետը գերիներու հարցին շուրջ շփման մէջ մնալ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակցին հետ։ Անոնք պարբերաբար կը հանդիպին, նաեւ անմիջական հանդիպումներու առընթեր, հեռաձայնային կապի մէջ կը մնան։

Նոյն յայտարարութիւններուն ժամանակ Ստեփան Մելքոնեան վերահաստատեց, որ անկախ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններէն՝ «Մեղրիի միջանցք»ի մասին ընդհանրապէս խօսակցութիւն չկայ ու չի կրնար ըլլալ։ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն կողմէ գլխաւորուած աշխատանքային խումբը կ՚ուսումնասիրէ լոժիսթիքի, ճանապարհներու հաւանական տարբերակներ։ «Որեւէ միջանցքի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Կրնան ըլլալ տարանցիկ բեռնափոխադրումներուն համար երկաթուղիի կամ ճանապարհներու հետ կապուած հարցեր, բայց ո՛չ միջանցքներու», եզրափակեց Ստեփան Մելքոնեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021