ՊԼԻՆՔԸՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պլինքըն-Ալիեւ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը։ Անոնք կարեւորած են ԱՄՆ-Ատրպէյճան երկկողմանի գործընկերութեան կայունութեան կարեւորութիւնը եւ քննարկած շարք մը հարցեր։ Էնթընի Պլինքըն կարեւորած է մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը նշած է, որ կարեւոր է շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ բանակցելու համար՝ ի շահ ամբողջ տարածքաշրջանին։

Պաքուի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Ալիեւ մտահոգութիւն յայտնած է Պայտընի կողմէ 1915 թուականի դէպքերու՝ որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշման կապակցութեամբ։ Ան ընդգծած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտերիմ ընկերներ ու դաշնակիցներ կը հանդիսանան։ Ալիեւ նշած է, որ Թուրքիա շատ կարեւոր ու դրական դերակատարութիւն մը ունի յետպատերազմեան շրջանին տարածքաշրջանէ ներս։ Ճօ Պայտընի խօսքերը մտահոգութեամբ ընկալուած են երկրի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան կողմէ։

Պլինքըն եւ Ալիեւ կարծիքներ փոխանակած են Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ալիեւ ընդգծած է նաեւ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, Էնթընի Պլինքընն ալ շեշտած է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը շահեկան պիտի ըլլայ տարածքաշրջանէ ներս բոլորին համար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021