ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Քազանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Երկու վարչապետները Քազանի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Կը հաղորդուի, որ Միշուսթինի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան արդիւնաւէտ համարեց Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը։

Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ռուսաստան եւ անոր նախագահը՝ Վլատիմիր Փութին ի՛նչ դեր խաղացած են Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ արդէն ակնյայտ է նաեւ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Միխայիլ Միշուսթինի հետ հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան, դժբախտաբար, տակաւին չի կատարեր հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան շատ կարեւոր կէտերէն մին, որ կը վերաբերի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ ձերբակալեալներու վերադարձին։ Փաշինեան շեշտեց, որ կը շարունակուի Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը, սակայն, ճիշդ այդ կէտին վրայ մատնանշեց Պաքուի կողմէ ստանձնուած պարտականութիւններու չկատարուիլը՝ գերիներու վերադարձի հարցին շուրջ։ Փաշինեան նոյն հարցի լուծման նպատակով Մոսկուայի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար ալ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը։

Իր կարգին, Միխայիլ Միշուսթին նշեց, որ Մոսկուա կը գնահատէ Հայաստանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք ունին ռազմավարական եւ երկարաժամկէտ դաշնակցային բնոյթ մը։ Նախագահ Փութինի կողմէ ողջոյններ փոխանցելէ վերջ՝ ռուս վարչապետը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտելէն վերջ ընդունուած յայտարարութիւնները մեծ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն համատեղ աշխատանքի համար։ «Սա առաջին հերթին տնտեսական եւ փոխադրութեան բոլոր կապերու ապաշրջափակումն է, նոր ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը։ Այս բոլորը պայմաններ կը ստեղծեն Անդրկովկասի տարածքաշրջանի կայուն զարգացման համար», ըսաւ ան։

Նոյն նիւթին շուրջ Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ ապաշրջափակումը մի միայն Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Արդարեւ, ճանապարհներու բացումը թոյլ կու տայ վերականգնել կապը Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու, Պարսից ծովու եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Սա նաեւ կրնայ կարեւոր գործօն մը դառնալ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան զարգացման տեսակէտէ։

Հաւանականութիւն կար, որ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի երէկուան հաւաքին մասնակցէր նաեւ Ատրպէյճանի վարչապետը։ Բայց եւ այնպէս, պաշտօնական տեղեկութիւններուն մէջ չէ նըշ-ւած Ատրպէյճանէն որեւէ պատուիրակութեան մասնակցութեան շուրջ։ Բացի ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներէն, երէկուան նիստին մասնակցեցան Քուպայի, Մոլտովայի եւ Էօզպեքիստանի ներկայացուցիչները։ Այս երկիրները ունին դիտորդի կարգավիճակ։ Հրաւիրուած էին նաեւ Տաճիկիստանէն եւ Թիւրքմենիստանէն հիւրեր։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Իզվեստիա» թերթին։ Թէ ի՞նչ վիճակ կրնան ունենալ Հայաստանի մօտալուտ արտահերթ ընտրութենէն վերջ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Փաշինեան նշած է, որ սա նոյնիսկ պէտք չէ քննարկել։ «Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները եղած են, են ու պիտի ըլլան լաւ», նշեց վարչապետը։

Հարցազրոյցի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց, որ ընտրութիւնները ըլլան ազատ եւ Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունենան նոր խորհրդարան մը ընտրելու՝ օրինականութեան ու ազատ կամքի արտայայտութեան պայմաններով։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021