«ՀՈՎԵՐ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ
Կոմիտասի թանգարան-կաճառը Երեւանի մէջ բոլորի անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ հիմնադրուած օրէն ի վեր։ Պետական մարմինները, Սփիւռքի կառոյցները եւ բազմաթիւ անհատներ կը համագործակցին այս թանգարանին հետ։ Վերջերս, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ յատկանշական նուէր մը յանձնեց այս թանգարանին եւ այսպէսով խորհրդանշական իրեղէնով մը ճոխացաւ անոր հաւաքածոն։ Այսպէս, Հրանոյշ Յակոբեան թանգարանին նուիրեց Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի բարձը։
Յանձնման արարողութենէն վերջ թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէս մը, որ ձօնուած էր 2015-ի տարելիցին։ «Հովեր» երգչախումբի համերգը համախմբեց կոկիկ թիւով երաժշտասէրներ՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլորին վրայ։ Հրանոյշ Յակոբեանին առընթեր ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան եւ այլ հիւրեր։