ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Դես­պան­նե­րու այս այ­ցե­լու­թեան միա­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Թան­գա­րան-կա­ճա­ռի ու­ղե­ցոյց­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու խում­բը շրջայց մը կա­տա­րեց՝ լարուած ու­շադ­րու­թեամբ։ Ա­նոնք թէ՛ ծա­նօ­թա­ցան ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն եւ թէ հա­մա­պար­փակ պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­ցին Կո­մի­տա­սի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015