ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ «ԱՐԹ-ԷՔՍՓՕ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի «Հայարթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մեծ հետաքրքրութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէս մը՝ «Հայարթ» մշակութային կեդրոնի, «Վարդգէս Խախամեան Բիւզանդ» հաստատութեան եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Ցուցահանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ շեշտեց ձեռնարկի աննախընթաց բնոյթը։ Նախարարը կարեւորեց, որ հայ եւ օտար շուրջ յիսուն նկարիչներու աշխատանքները արուեստասէր հասարակութեան հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն բազմալեզու մշակութային երկխօսութեան։ Ըստ Յակոբեանի, այս ցուցահանդէսով Հայաստան-Սփիւռք՝ իր տեսակին մէջ եզակի մշակութային գործակցութեան ծրագրի հիմքը կը դրուի, ինչ որ իր կանխատեսումներով պիտի ըլլայ շարունակական։
Շուրջ հարիւրերեսուն աշխատանքներ ներկայացուեցան «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէսին շրջագծով եւ այդ բոլորը բարձր գնահատանքի արժանացան ցուցահանդէսի բաց մնացած շաբաթներուն ամբողջ տեւողութեան։