ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Ս․ Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեան» պե­տա­կան օ­փե­րա­յի մե­ներ­գիչ, պաս-պա­րի­թոն Սար­գիս Բաժ­բէուկ-Մե­լի­քեա­նի եւ խմբա­վար-դաշ­նա­կա­հար Ա­րա Պետ­րո­սեա­նի հա­մեր­գը։ Հա­մեր­գին հե­տե­ւող ա­րուես­տա­սէր­նե­րու կար­գին էին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ․ Զօհ­րապ Քհնյ․ Ճի­վա­նեան, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու։

Բաց­ման խօս­քը յա­նուն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ար­տա­սա­նեց Գա­րէն Թէր­զեան։ Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին հնչե­ցին Սպեն­դիա­րեա­նէ, Աբ­րա­հա­մեա­նէ, Աֆ­րի­կեա­նէ, Կո­մի­տա­սէ, Տիգ­րա­նեա­նէ, Վեր­տիէ, Կուր­տի­սէ, Ֆալ­վիո­յէ, Կու­նո­յէ, Մո­ցար­թէ, Չու­խա­ճեա­նէ, Խա­չա­տու­րեա­նէ, Խրեն­նի­կո­վէ, Վա­լեն­տէ եւ Տաք­լիա­ֆե­րիէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։

Յայ­տագ­րի միջ­նա­րա­րին պատ­մա­բան Յաս­միկ Ստե­փա­նեան ներ­կա­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուց իր թրքե­րէ­նով տպագ­րուած «Հա­յե­րու ներ-դը­րու­մը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ» խո­րագ­րեալ հա­տո­րը։

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին ծաղ­կե­փուն­ջեր նուի­րուե­ցան յայ­տագ­րի մաս­նա­կից­նե­րուն։

Տիկ­նանց կազ­մի կող­մէ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015