ԱՆԳԱՐԱ-ՊԵՐԼԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը։ Յու­նի­սի 2-ին Պուն­տես­տակ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գիծ մը, ո­րուն մէջ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը կը բնո­րո­շուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ե­թէ այդ բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նուի, ա­պա Պեր­լին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած պի­տի ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Բա­նա­ձե­ւին մէջ շեշ­տուած է, թէ Ե­րիտ թուր­քե­րու հրա­հան­գով կա­տա­րուած է այդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան այդ շրջա­նի զի­նուո­րա­կան դաշ­նակ­ցին՝ Գեր­մա­նա­կան կայս­րու­թեան այդ դէպ­քե­րուն շրջագ­ծով ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ալ կ՚ո­րա­կուի ա­մօ­թա­լի։ Նա­խագ­ծին մէջ մատ­նան­շուած է նաեւ, որ օս­մա­նեան շրջա­նին ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուած են նաեւ ա­սո­րի­նե­րը եւ քաղ­դէա­ցի­նե­րը։

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին մօտ այս բա­նա­ձե­ւը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է երկ­րի հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մաս­նա­կից եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ Քրիս­տո­նէա­կան միու­թեան եւ Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ընդ­դի­մա­դիր Կա­նաչ­նե­րուն հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­քիմ Կա­ուքն ալ ան­ցեալ տա­րի որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կած էր 1915-ին ապ­րուած դէպ­քե­րը։

Պուն­տես­տա­կի քննար­կում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, Պեր­լի­նի մէջ թուր­քե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին բո­ղո­քի ցոյց մը։ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քի, Եա­շար Օ­քու­յա­նի նման ա­նուն­ներ ալ մաս­նակ­ցե­ցան այս բո­ղո­քի ցոյ­ցին, ո­րու ըն­թաց­քին Թուր­քիոյ դրօ­շակ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ծա­ծա­նե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Թուր­քաս­տա­նի դրօ­շակ­նե­րը։ Ցու­ցա­րար­նե­րը հան­դէս ե­կան լո­զունգ­նե­րով, ըստ ո­րոնց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ կա­տա­րուած, այլ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­ն։ Ցու­ցա­րար­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Պուն­տես­տա­կը հրա­ւի­րե­ցին ա­տե­լու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թե­նէ մը զերծ մնա­լու։ Ա­նոնք վան­կար­կե­ցին, թէ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը դա­տա­րան մը չէ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը դա­տա­ւոր­ներ չեն ու պէտք չէ վնաս հասց­նեն թուրք-գեր­մա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան։ Պաս­տառ­նե­րուն վրայ գրուած էր. «Ոչ-թուր­քե­րու դէմ ա­տե­լու­թեան»։ Պեր­լի­նի այս ցոյ­ցին մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ թուր­քեր, ո­րոնք Գեր­մա­նիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն ա­ռըն­թեր փու­թա­ցած էին նաեւ Եւ­րո­պա­յի այլ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ։

Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րէն՝ Գաղ­թի եւ հա­մարկ­ման գծով պե­տա­կան նա­խա­րար Այ­տան Էօ­զօ­ղուզն ալ քննա­դա­տեց Յու­նի­սի 2-ին նա­խա­տե­սուած քուէար­կու­թիւ­նը։ Էօ­զօ­ղուզ, որ Գեր­մա­նիոյ ա­ռա­ջին թուր­քազ­գի նա­խա­րարն է, յայտ­նեց, թէ պի­տի չմաս­նակ­ցի քուէար­կու­թեան։ Պուն­տես­տա­կի թրքա­կան ար­մատ­նե­րով կարգ մը ե­րես­փո­խան­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ պի­տի չմաս­նակ­ցին քուէար­կու­թեան եւ այս նիւ­թը քա­ղա­քա­կան շա­հարկ­ման վե­րա­ծուած է։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016