ԵՒ ՀՆՉԵՑ ՎԵՐՋԻՆ ՈՒՐԱԽ ԶԱՆԳԸ…
Հայաստանի վարժարաններուն մէջ եզրափակուեցաւ 2015-2016 կրթական շրջանը։ Երկրի բոլոր վարժարաններէն ներս հնչեց վերջին զանգը։ Այս առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ։ Մասնաւորապէս լիսէէն շրջանաւարտ երիտասարդներուն համար կազմակերպուեցան խրախճանքներ, որոնց ընթացքին տղաքը յուզումնախառն պահեր ապրեցան՝ իրենց դպրոցներէն հրաժեշտ առնելու եւ բարձրագոյն ուսման հանգրուանը թեւակոխելու խաչմերուկին։
Վերջին զանգին առթիւ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ մեծ խրախճանք մը եւ այս տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամերը։