ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ տօ­նա­կան օր մը։ Ֆա­թիհ Սուլ­թան Մեհ­մէ­տի կող­մէ քա­ղա­քի ա­ռու­մին 563-րդ տա­րե­դար­ձը նշուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն խան­դա­վառ հան­րա­հա­ւաք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­նի­գա­բուի հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թեան առ­ջեւ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ Մա­յի­սի 29-ի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քին Էր­տո­ղան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­ռա­ջին տի­կին Է­մի­նէ Էր­տո­ղա­նի հետ։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, նա­խա­րար­ներ եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս խան­դա­վառ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Էր­տո­ղա­նի ե­լոյ­թին ա­ռըն­թեր ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի ա­ռու­մը եւ օ­րուան ծրա­գի­րը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ հրա­վա­ռու­թեամբ։

Ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն հո­գիի ներ­կա­յու­թեամբ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ Իս­թան­պուլ թէեւ 563 տա­րի ա­ռաջ նուա­ճուե­ցաւ, սա­կայն ա­նոր հա­շուե­յար­դա­րը չէ ա­ւար­տած 563 տա­րիէ ի վեր։ Ա­րեւ­մուտ­քը 563 տա­րիէ ի վեր վրէժխնդ­րու­թիւն կը մղէ։ «Այդ վրէժխնդ­րու­թիւ­նը պի­տի չա­ւար­տի, որ­քան ա­տեն, որ Իս­թան­պու­լի երկ­նա­կա­մա­րին կը հնչեն մեր է­զան­նե­րը ու կը ծա­ծա­նի մեր դրօ­շը։ Ոե­ւէ մէ­կուն ու­ժը բա­ւա­րար պի­տի չըլ­լայ այս եր­կի­րը մեզ­մէ խլե­լու», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­նոնք, ո­րոնք կը յար­ձա­կին մեր երկ­րին վրայ՝ կը հե­տապն­դեն այս նուա­ճու­մին վրէ­ժը լու­ծե­լու նպա­տա­կը։ Ըստ ի­րեն, Իս­թան­պու­լի ա­ռու­մը կը նշա­նա­կէ յաղ­թա­հա­րու­մը այն պա­րիսպ­նե­րուն, ո­րոնք ան­յաղ­թա­հա­րե­լի կը հա­մա­րուին Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ։ «Նուա­ճու­մը 21-ա­մեայ սուլ­թա­նի մը կող­մէ հա­զար տա­րուան Բիւ­զան­դիո­նի ծուն­կի բե­րուիլն է, հան­ճար եւ փոր­ձա­գի­տու­թեան այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի գա­գա­թը», ը­սաւ Էր­տո­ղան, որ յայտնեց, թէ երկրին մէջ չկայ քրդական հարց, այլ կայ ահաբեկչութեան հարց։

Իր կար­գին Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ ժա­մա­նակն է Էր­տո­ղա­նի հետ ամ­բող­ջա­կա­նա­նա­լով, միաս­նա­կա­նու­թեամբ պատ­մու­թիւն կեր­տե­լու։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016