Երկուշաբթի 6, Յունուար 2025
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շաբաթավերջին ստորագրուած հրամանագրին վրայ՝ Տիգրան Մկրտչեան նշանակուեցաւ Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Ան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Վիլնիուսի մէջ։
Հարկ է նշել, որ Տիգրան Մկրտչեան վերջին տարիներուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կը պաշտօնավարէր որպէս մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետի պաշտօնակատար։ Մկրտչեան միեւնոյն ժամանակ որպէս հրաւիրեալ կը դասախօսէր Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնին մէջ։
Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016