ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 65-րդ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին վստա­հու­թեան քուէ ստա­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին կող­մէ։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը խորհր­դա­րա­նի վստա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ՝ 315 ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ տրուած քուէ­նե­րով։

Այս­պէ­սով ար­դէն իր ա­ւար­տին հա­սաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած փո­խանց­ման շրջա­նը եւ նոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ձեռ­նար­կէ իր բնա­կա­նոն աշ­խա­տան­քին։

Միւս կողմէ, Պինալի Եըլտըրըմ եւ նորակազմ դահլիճի անդամները երէկ այցելութիւն մը տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2016