«Հալէպի Վերականգման Աշխատանքները Բնականոն Հունով Կը Շարունակուին»
Հալէպի մէջ ընդհանուր վիճակը լաւ է, քաղաքի վերականգնման աշխատանքները բնականոն հունով կ՚ընթանան: Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքով՝ Հալէպի ազատագրումէն ետք իրավիճակը աւելի լաւ է, նախկին անապահովութեան վիճակը չկայ:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, «Հալէպի մէջ կրակոցներ չկան, երբեմն փոքր դէպքեր, անակնկալ ընդհարումներ կ՚ըլլան, սակայն նախկին օրերու անապահով վիճակը չկայ: Քաղաքը հանգիստ է», ըսած է Ժիրայր Ռէիսեան:
Անոր խօսքով, ջուրի խնդիրը, կարծես, չկայ, առկայ է բնական ջրամատակարարում: Քաղաքի էլեկտրականութիւնը բաւական երկար ժամանակ անջատուած էր, ժողովուրդը այս տարիներու ընթացքին հոսանք կը գնէր լոյս ունենալու, անմիջական կարիքները հոգալու համար: Արդէն իշխանութիւններու ջանքերով օրական քանի մը ժամով հոսանք կը տրուի: Քանի որ ատիկա բաւարար չէ, հետեւաբար մադիկ դեռ կը շարունակեն ելեկտրականութիւն գնել:
Հալէպի մէջ ճանապարհները հիմնականօրէն բաց են, յատկապէս քաղաքին մէջ: Քաղաքէն դուրս եւս ճանապարհները բաց են, ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան, ապա ժամանակ առ ժամանակ դէպքեր, ընդհարումներ կ՚ըլլան, ատոնց պատճառով քանի մը ժամով երթեւեկութիւնը կը դադրեցուի, որպէսզի այդ երեւոյթները կանխուին: Ամէն պարագայի, ընդհանուր առմամբ, երթեւեկութիւն կայ:
Քաղաքին մէջ սննդամթերքի պակաս չկայ, սակայն այս բոլորին կողքին կան տնտեսական դժուարութիւններ, եկամուտը սահմանափակ է, իսկ ծախսերը բազմապատկուած են: Պատերազմի ընթացքին սուրիական արժոյթի արժեզրկումը դարձած է ապրանքներու թանկացման հիմնական պատճառներէն մէկը:
«Դասերը արդէն կ՚աւարտին, յետոյ կան քննութիւններն, որմէ ետք կը սկսի արձակուրդի շրջանը: Ինչպէս գիտէք, կրթական հաստատութիւնները նորոգութիւններու կարիք ունին, պետութիւնը լծուած է այդ աշխատանքին: Կը կարծեմ, որ հանգրուանային, կամաց-կամաց իրավիճակը պիտի բարելաւուի: Կը հասկնանք, որ սա, ի հարկէ, երկարաժամկէտ խնդիր է», ըսած է ան:
Առեւտուրի կեդրոնները բաց են, կ՚աշխատին սովորականին նման, ինչ կը վերաբերի արտադրութեան, ապա անիկա շատ նախնական քայլերու փուլի վրայ է:
«Շատեր ի վիճակի չեն ամբողջութեամբ վերականգնելու քանդուած, կողոպտը-ւած գործարանները: Քիչեր հնարաւորութիւն ունին արտադրութիւնը վերականգնելու, այն ալ ոչ ամբողջ հզօրութեամբ: Հետեւաբար կրնանք ըսել, որ արտադրողական բաժինը դեռ վերականգնուած չէ», ըսած է ան:
Խօսելով Հալէպէն դուրս եկած հայերու հնարաւոր վերադարձին մասին, Ժիրայր Ռէիսեան նշած է, որ որոշ տեղաշարժ կայ:
«Բնական է վիճակագրական տուեալներ չունիմ, սակայն կը լսենք անուններ, որոնք կը վերադառնան: Կրնամ ըսել, որ դէպի Հալէպ վերադարձողներ կան՝ թէ՛ ընտանիքներ եւ թէ անհատներ», աւելցուցած է Ժիրայր Ռէիսեան: