ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին խօսեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքական գործընթացէն դուրս պէտք է մնան ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն, ինչպէս նաեւ այս ահաբեկչական կազմակերպութեան ազդեցութեան տակ գտնուող խմբաւորումները։ Երկու ղեկավարները ընդգծեցին, որ Սուրիա պէտք չէ բախումի դաշտի մը վերածուի՝ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ։ Սուրիայէ ներս քաղաքական կարգաւորման առջեւ ճանապարհ հարթելու տեսակէտէ Էրտողան եւ Փութին կարեւորեցին Աստանայի դրութեան շուրջ ապահովուած ձեռքբերումները։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան, թէ Դամասկոսի վարչախումբն ու ընդդիմութիւնը նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերեն՝ որպէսզի գործընթացը յառաջանայ ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ։

Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրները ներկայիս կ՚անդրադառնան Սուրիոյ պարագային Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան մը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարաւային սահմանները պէտք է պաշտպանուին միայն երկրի բանակին կողմէ։ Այս յայտարարութիւնը տեղի տուաւ զանազան մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց, Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է Իրանը տարածքաշրջանէ դուրս թողելու ուղղութեամբ։ Իսրայէլի շարք մը կայքէջեր կը հաղորդեն, որ այդ համաձայնութիւնը գոյացած է հինգ առանցքներու շուրջ։ Այսպէս, Էսատի զօրքերը պիտի վերադառնան Սուրիոյ հարաւը՝ Իսրայէլի հետ սահմանը վերահսկելու համար։ Ռուսաստան պիտի կատարէ իրեն վիճակած դերը՝ որպէսզի այդ շրջանին մէջ չգտնուին Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի տարրերը։ Եթէ ռուսական կողմը յարգէ իր խոստումը Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի մասին, ապա Իսրայէլի կառավարութիւնը պիտի յօժարի, որպէսզի Էսատի զօրքերը վերադառնան Սուրիոյ հարաւը։ Սուրիոյ ամբողջ տարածքէն ներս Իսրայէլ ազատութիւն պիտի ունենայ՝ Իրանի զինուորական ներկայութեան դէմ գործելու համար։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Ռուսաստան բացայայտօրէն կոչ պիտի ուղղէ՝ որպէսզի բոլոր օտար տարրերը դուրս գան Սուրիայէն։ Այստեղ Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի առընթեր ակնարկութիւնը պիտի վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը կրնան ունենալ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման՝ քննարկելու համար այս համաձայնութեան մանրամասնութիւնները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018