ԱՆՇՐՋԱԴԱՐՁԵԼԻ ՀԱՐՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները համաձայնեցան, որպէսզի հանդիպին յաջորդ ամիս Ճաբոնի մէջ (Օսաքա) նախատեսուած «G-20»ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուելիք ռուսական Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին, որ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ լուրջ տարակարծութեան առիթ դարձած է։ Նախագահ Էրտողան երէկ Թրամփի հետ զրուցելու ընթացքին կրկնեց թրքական կողմի առաջարկը, որով կը նախատեսուի այս հարցին շուրջ համատեղ աշխատանքային խումբ մը ստեղծել։ Էրտողան ընդգծած է, որ այդ հրթիռներու ձեռքբերումը կապ ունի Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հետ։

Երկու նախագահները անդրադարձ կատարեցին երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հարցերու։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը պողպատի բնագաւառի մէջ յաւելեալ սակագիներու ջնջումը նախատեսած է։ Այս քայլը պիտի նպաստէ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 75 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակին։

Երէկուան հեռախօսազրոյցին առընչութեամբ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը։ Ամերիկեան կողմն ալ տեղեկացուց, որ Էրտողան-Թրամփ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է Ս-400 հրթիռներուն հարցը։

Միւս կողմէ, երէկ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Շանահանի միջեւ ալ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան անվտանգութեան եւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019