ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ կարեւոր նշանակումներ ըրաւ Ստեփանակերտի ղեկավարութեան շարքերէն ներս։ Այսպէս, Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններուն զուգահեռ քաղաքական դաշտէն ներս տեղի կ՚ունենան լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ եւ զուգահեռաբար Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն մէջ տեղի կ՚ունենան շարք մը փոփոխութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս Արթուր Թովմասեան ընտրուած էր Արցախի խորհրդարանի նախագահ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արայիկ Յարութիւնեան երէկ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակեց Սամուէլ Պապայեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարներէն մին է ու միեւնոյն ժամանակ Արցախի հերոս։ Սամուէլ Պապայեան վերջին տարիներուն Արցախի մէջ ընդդիմադիր դէմք մը դարձած էր, իսկ ներկայիս, նոր նախագահական ընտրութեան յաջորդած կլիմային մէջ արդէն կը կոչուի բարձրաստիճան պաշտօնի մը։

Բաց աստի, Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Արտաքին գործոց նախարար նշանակեց Մասիս Մայիլեանը։ Սա իրականութեան մէջ վերանշանակում մըն է, որովհետեւ Մասիս Մայիլեան վերջերս արդէն այդ պաշտօնը կը վարէր։ Այս նշանակումը նաեւ ուրիշ հետաքրքրական երեսակ մը ունի, որովհետեւ Արցախի վերջին նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի անխուսափելի թեկնածուներն էին Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Մասիս Մայիլեանը։ Ընտրական շրջանի թեկնածուները, որոնք մրցակցութեան մէջ էին, ընտրութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ արդէն դերակատարութիւն ստանձնած են նոր ձեւաւորուած ղեկավարութեան շարքերէն ներս։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020