ՄԱՀՈՒԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ
Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որով զգայացունց տեղեկութիւններ փոխանցուեցան հանրային կարծիքին։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ կատարուած հաղորդման մէջ նշուած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրոնիկ նամակներու միջոցաւ, գրաւոր ձեւով մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հիմնարկին։ Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուած է, որ հոգելոյս Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ ալ տեղի կ՚ունենային նման իրադարձութիւններ։ Այդ սպառնալիքին մէջ պահանջուած է երկիրը լքել եւ հիմնարկը մեղադրուած է «եղբայրութեան հեքիաթներ» պատմելով։ Միեւնոյն ժամանակ մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հոգելոյս Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքի եւ փաստաբաններուն դէմ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը այս բոլորէն գրաւոր ձեւով տեղեակ պահած է Շիշլիի Անվտանգութեան տնօրէնութիւնը եւ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը։