ՅԵՏԸՆՏՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՚ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան՝ քուէագնման նպատակներու համար:

Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններու հոսքը: Պարզ է, որ թիրախը խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումն էր եւ այդ կայարանը ժողովուրդ փոխադրող շոգեկառքը հասցնելը:

Վառելանիւթի եւ կենսական տարրական նիւթերու ապահովումը մղձաւանջ է այլեւս քաղաքացիին համար, որ առօրեայ կշռոյթով ջուրի, ելեկտրականութեան ձեռքբերման ամէնժամեայ տագնապին մէջ է:

Լիբանանը թեւակոխած է տագնապի խորացման նոր փուլ: «Այսօրը աւելի լաւ է, քան վաղը» բանաձեւը իր մորթին վրայ զգացող քաղաքացին յայտնուած է նոր անորոշութեան մէջ:

Մեկնող կառավարութիւնը մակերեսային, գերժամանակաւոր լուծումներու որոշումներ կը կայացնէ՝ կեանքի սղաճի յաւելավճարի ճշդումով մէկ կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նոր սակագիներ որոշելով՝ միւս կողմէ:

Լիբանանցին ամէն օր կ՚արթննայ նոր գնացուցակով, որ օրուան մէջ կ՚ենթարկուի փոփոխութիւններու: Ա՛յս է թաւալգլոր ընթացքը տնտեսական գահավիժումին:

Բնազդային հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ. ո՞ւր հասնելու համար են այս բոլորը: Մինչ, նորընտիր խորհրդարանը կը տուայտի մեծամասնութիւն ճշդելու տեսական մօտեցումներով: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան խնդիրը տարբեր փորձաքարերու կը զարնուի՝ ընդհանրապէս անորոշ ձգելով ընտրուած խորհրդարանին աշխատելու եղանակը:

Արտաքին օժանդակութիւններու խոստումները կը վերապայմանականացուին: Բարենորոգում, վարչակառավարում եւ նման կարգախօսներ կը սաւառնին տարբեր երկիրներէ դէպի Պէյրութ ուղղուող յայտարարութիւններուն վերեւ: Այս բոլորը քօղ են. ենթագիծը այդ բոլորին՝ քաղաքական պայմանները:

Հիմա կը թուի, որ այդ պայմանները պիտի վերաբերին նշանակելի վարչապետի կերպարին, կազմուելիք կառավարութեան ձեւաչափին, նախարարներու «փորձագիտական» կենսագրութիւններուն եւ անշուշտ մշակուելիք ծրագիրին:

Պարանաձգութիւններու երկար շղթայի մը օղակներն են, որոնք կ՚երեւին՝ պահանջ-բաւարարում գործողութեամբ իւրաքանչիւր օժանդակութեան օղակ կազմելով կամ քանդելով:

Հիմա, նոր գործընթացի առաջին փուլը խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնն է: Խորհրդարանական բեմահարթակը կը բացուի այս օրակարգով: Աւանդաբար եւ միջհամայնքային համաձայնութեամբ աթոռին գլխաւոր թեկնածուի ճշդումը վերապահուած է շիի համայնքին, որ կը թուի միակամ ըլլալ թեկնածուին շուրջ: Ականատես պիտի ըլլանք մէկ կողմէ համայնքի իրողական ներկայացուածութեան սկզբունքի յարգումի, միւս կողմէ համայնքներու որոշման կեդրոնները շրջանցելու երկու հակասական երեւոյթներու:

Համայնքի որոշման կեդրոններու շրջանցման մօտեցումը չի բխիր նաեւ հայկական համայնքի շահերէն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ «Ազդակ» օրաթերթի, Լիբանան

Երկուշաբթի, Մայիս 30, 2022