ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2004 թուականէն մին­չեւ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին վե­րա­կանգ­նուած է շուրջ վաթ­սու­նութ պատ­մա­կան յու­շար­ձան։ Այդ նպա­տա­կով պե­տա­կան պիւտ­ճէէն ծախ­սուած է շուրջ 4 մի­լիառ դրամ։ Փոխ-նա­խա­րա­ր Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ներ­կայ պա­հուն մաս­նա­ւոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ վե­րա­կանգն­ման աշ­խան­տանք­ներ կը կա­տարուին Նոր Վա­րա­գայ վան­քի, Օ­ձու­նի ե­կե­ղեց­ւոյ, Տա­թե­ւի վան­քի, Քո­բայ­րի, Սո­լա­կի մայ­րա­վան­քի, Կա­մա­րի­սի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ինչ­պէս նաեւ կը նո­րո­գուի Մխի­թար Գօ­շի դամ­բա­րա­նը։ Ան նաեւ յայտ­նեց, թէ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը շու­տով հնա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման տաս­նա­մեայ ծրա­գիր մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015