ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րէկ, օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Այս ա­ռա­ւօտ ալ Շթայն­մա­յէր այ­ցե­լեց Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։ Նոյն­պէս այս ա­ռա­ւօտ գեր­մա­նա­ցի նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ, ո­րու կող­քին էր նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան։

Հարկ է նշել, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս շրջա­նա­յին նա­խա­գահն է ԵԱՀԿ-ի, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։ Ֆրանք Վալ­թէր Շթայ­նմա­յէ­րի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը յա­ջոր­դեց Պուն­տես­թա­կի կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նաչ­ման։ Հե­տե­ւա­բար, իր շփում­նե­րը թէ՛ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին եւ թէ՛ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան էին։ Ե­րե­ւա­նի մէջ Նալ­պան­տեան եւ Շթայն­մա­յէր սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Մինչ այդ, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը ստո­րագ­րե­ցին միջ­կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կը նա­խա­տե­սէ Հա­յաս­տա­նի եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ ե­կա­մուտ­նե­րու եւ գոյ­քի կրկնա­կի հար­կում­նե­րու բա­ցա­ռու­մը։ Ա­ւար­տե­լով Ե­րե­ւա­նի ծրա­գի­րը Շթայն­մա­յէր ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Պա­քու, ուր հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հետ թէ՛ Սարգ­սեան եւ թէ՛ Նալ­պա­նեան շօ­շա­փե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ զայն յա­ռաջ մղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ու հե­ռան­կա­րին։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դի­պում­նե­րուն ժա­մա­նակ ձեռք բերուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն կա­տար­ման ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կան քայ­լե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը՝ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Հայ­կա­կան կող­մը հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին հեր­թա­կան ան­գամ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Պուն­տես­թա­կի ո­րոշ­ման հա­մար։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սա­հա­կեան եւ Շթայն­մա­յէր այս ա­ռա­ւօտ քննար­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ու ներդր­ման, ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սա­հա­կեան-Շթայն­մա­յէր զրոյ­ցէն վերջ Կա­րէն Միր­զո­յեան լրագ­րող­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ հան­դի­պու­մը ան­ցած է ան­կեղծ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ «Տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում շարք մը հար­ցե­րու շուրջ, ո­րոնք մի­տուած են ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գալու։ Ար­դէն բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր քննար­կում­ներ կ՚ըն­թա­նան այն քայ­լե­րուն մա­սին, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռեն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման։ Խօս­քը մաս­նա­ւո­րա­պէս, հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն­նե­րու մշակ­ման ու հաս­տատ­ման, ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի ընդ­լայն­ման մա­սին է։ Այդ բո­լո­րին վե­րա­բե­րեալ մենք յայտ­նած ենք մեր տե­սա­կէ­տը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս նշուե­ցաւ, որ Ար­ցախ վա­ղուց հան­դէս կու գայ այդ­պի­սի ա­ռա­ջարկ­նե­րով։ Ար­ցա­խեան կող­մը հան­դէս ե­կած է ոչ միայն այդ, այլ նաեւ ու­րիշ ա­ռա­ջարկ­նե­րով, ո­րոնց ի­րա­կա­նա­ցու­մը թոյլ պի­տի տայ յաղ­թա­հա­րել հա­կա­մարտ կող­մե­րուն մի­ջեւ անվս­տա­հու­թեան մթնո­լոր­տը ու ճա­նա­պարհ պի­տի հար­թէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ան­խա­փան ըն­թաց­քին հա­մար», յայտ­նեց Միր­զո­յեան։

Այս ա­ռա­ւօ­տեան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին խօսք բա­ցուած է նաեւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ։ Ըստ Միր­զո­յեա­նի, այս կէ­տին շուրջ Ստե­փա­նա­կերտ միշտ կը խօ­սի եւ սա իր պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շումն է։ Սա ոչ միայն Ար­ցա­խի պա­հանջն է, այլ նաեւ ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն։ «Այ­սօր ա­ռանց Ար­ցա­խի կող­մի լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի բո­լոր փու­լե­րուն ան­կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել լուրջ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում։ Այս հար­ցին մէջ մեր տե­սա­կէ­տը նո­րու­թիւն մը չէ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար։ Մենք ան­գամ մը եւս ներ­կա­յա­ցու­ցինք մեր մօ­տե­ցու­մը եւ սա նկա­տի առ­նուե­ցաւ», շա­րու­նա­կեց Կա­րէն Միր­զո­յեան ու մատ­նան­շեց, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ու­նի անհ­րա­ժեշտ մար­դա­սի­րա­կան կա­րիք­ներ, ո­րոնք պէտք է բա­ւա­րա­րուին ան­կախ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն։ Միր­զո­յեա­նի խօս­քով, շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նու­թեան հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ է դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու, բա­նակ­ցող կող­մե­րու տե­սա­կէ­տէ շի­նիչ երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016