ԷՋ ՄԸ ԵՒՍ ՓՐԹԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԷՆ

Յու­նիս 24-ին, 85 տա­րե­կա­նին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հրանդ Սա­մուէ­լի որ­դին՝ Ար­մէն Սա­մուէ­լեան, ո­րու ա­նու­նը սեր­տօ­րէն ա­ռըն­չուած պի­տի մնայ Փա­րի­զի հայ մտա­ւո­րա­կան կեան­քի պատ­մու­թեան:

Իր հօր­մէն վա­րա­կուած՝ գրա­կա­նու­թեան սի­րա­հար, ող­բա­ցեա­լը ա­նոր «Սա­մուէ­լեան» գրա­տան գիր­քե­րու բոյ­րին եւ փո­շի­նե­րուն մէջ հա­սակ ա­ռած էր:

Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան մա­տե­նա­գի­տու­թեան ճիւ­ղին մէջ հմտա­նա­լու հա­մար Ար­մէն Սամուէլեան յա­ճա­խած էր Փա­րի­զի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու ամ­պիո­նը, հե­տե­ւե­լով Փրոֆ. Ֆէյ­տիի դա­սըն­թաց­նե­րուն, սոր­ված՝ հա­յե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն։ Ինչ­պէս այս մա­սին կը վկա­յէր պատ­մա­բան Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան՝ Փա­րի­զի Հայ ու­սա­նո­ղաց տան մէջ, «Սա­մուէ­լեան» գրա­տան
­նուի­րուած Ար­ման Ֆրան­ժիւ­լիէ­նի լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին զու­գա­հեռ
2015 Յու­նիս 10-ին
տ­րուած բա­նա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին՝
«Ա­ւե­լի ուշ գրա­տուն­
այ­ցե­լող մտա-­ւո­րա­կան­նե­րը իր­մէ խոր­հուրդ
կ­՚առ­նէին ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան մար­զէն ներս հրա­տա­րա­կու­թեանց
­վե­րա­բե­րեալ։ Ար­մէն Սա­մուէ­լեան մեծ սէր ու­նե­ցած է գիր­քե­րու նկատ­մամբ եւ շատ բան սոր­ված է հին հա­տոր­նե­րը պրպտե­լով։ Նոյ­նիսկ հին­ցած գիր­քե­րու հոտն ու բուր­մուն­քը հրա­պու­րած է զինք։ Ար­մէ­նը ի տար­բե­րու­թիւն իր հօր, մեծ հռե­տոր չէ ե­ղած եւ եր­բեք բե­մե­րէն չէ խօ­սած...»։­

Ար­մէն Սամուէլեան, 1945-ա­կան­նե­րէն ար­դէն խո­րա­սու­զուած էր Մէօ­սիէօ-լը-Փրենս փո­ղո­ցի մի­ջազ­գա­յին հռչակ վա­յե­լող այս գրա­տան հա­զա­րա­ւոր գիր­քե­րուն մէջ, որ Եղեռնէն ետք Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­ւո­րուող հայ համայն­քի, բայց նաեւ գա­ւա­ռաբ­նակ ամ­բողջ հա­յու­թեան հան­դիպ­ման վայ­րը դար­ձած էր: Իսկ 1977-ին, Հրանդ Սա­մուէ­լի մա­հէն ետք, Ար­մէն Սա­մուէ­լեա­նի եւ իր քրոջ՝ Ա­լիս Սա­մուէ­լեան-Աս­լա­նեա­նի ա­նուն­նե­րը ան­մի­ջա­կանօ­րէն պի­տի կա­պուէին գրա­տան հետ, որ դեռ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ պի­տի հան­դի­սա­նար ֆրան­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, եւ ոչ միայն, ժա­մադ­րա­վայ­րը, ա­կուն­քը, դարբ­նո­ցը:

Ար­մէն Սամ­ու­էլ­եան եւ քոյր­ը մեծ ներդ­րում ուն­ե­ցած են նա­եւ հրա­տա­րակ­չա­կան գ­­ործ­ին մէջ, ինչ կը վե­րա­բեր­ի հայ­կա­կան հար­ցի թե­մա­նե­րո­վ լոյս տե­սած ֆրան­սե­րէ­նո­վ հա­տո­րնե­րուն, ո­րո­նց հե­ղի­նակ­նե­րը ան­պայ­ման ան­ցած էին Սա­մուէ­լե­ան գրա­տու­նէն, ո­րո­նք պէտք էր վա­յե­լէ­ին հայ կազ­մա­կեր­պու­թի­ւննե­րու նե­ցու­կը­։

­Նաե­ւ ի­րե­նց ա՛յդ վաս­տա­կին հա­մար է­, որ 2007 թուա­կա­նին, Հա­յաս­տա­նի տա­րուան առ­թիւ Ար­մէն եւ Ա­լիս պար­գե­ւատ­րուած է­ին Պա­տուո­յ լե­գէ­ո­նի աս­պե­տի շքան­շա­նով:

Ար­մէն Սա­մուէ­լե­ա­նի մա­հո­վ՝ Փա­րի­զի հայ հա­մայն­քի եր­բեմ­նի փա­ռա­ւոր խմբան­կա­րէ­ն կը պակ­սի մէ­կը եւս, ո­րու տե­ղը պի­տի մնայ պա­րապ:

«Նոր Յառաջ», Փարիզ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016