ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՑԱՒԱԿԻՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքին արձագանգները կը շարունակուին ամբողջ աշխարհի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, թէ զոհերուն թիւը բարձրացած է 41-ի։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս այս ահաբեկչական արարքին կապակցութեամբ վշտակցեցաւ Թուրքիոյ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ցաւակցական մը ստացաւ իր հայ պաշտօնակցին՝ Սերժ Սարգըս-եանի կողմէ։ Սոյն հեռագրին մէջ Սերժ Սարգսեան խստօրէն դատապարտեց Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութիւնը, խորին ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ Իսթանպուլի ահաբեկչական դէպքին շուրջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը ու դատապարտեց պատահածը։ Յայտարարութեան մէջ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ զոհերու ընտանիքներուն։