ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒՆԻ ԶՈՀԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճան վերջին օրերուն ունեցած է ութ զոհ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վիգէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ըստ իրեն, վերջին տասն օրերու ընթացքին հայկական զօրքերը ձեռնարկած են պատժիչ գործողութիւններու եւ հայկական կողմի հաստատուած տուեալներով Ատրպէյճանի բանակէն առ նուազն ութ զինուոր մահացած է։ Չհաստատուած զոհերու թիւը շատ աւելի մեծ է։

Վիգէն Սարգսեանի խօսքերով՝ այդ ութ զոհերէն ոեւէ մէկը չէ յուղարկաւորուած։ Ատրպէյճանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ որեւէ տեղեկութիւն չէ եղած այդ զոհերուն մասին։ «Հարկաւոր է հաշուի առնել նման իրականութիւնը, երբ կը մտածենք մեր հակառակորդին մասին», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան։

Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վիգէն Սարգսեան արտայայտեց այն համոզումը, թէ լայնածաւալ պատերազմ մը պիտի չսկսի։ Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պատերազմով չի լուծուիր։ Ատրպէյճանի համար պատերազմը անդառնալի հետեւանքներ պիտի ունենայ, նաեւ տնտեսական առումով։ «Չկայ որեւէ զարգացում, որով Ղարաբաղի հարցը կրնայ լուծուիլ ի նպաստ Ատրպէյճանի, սակայն սա չի բացառեր լարուածութեան բարձրացումը, զանազան սադրանքները, թիրախային հարուած հասցնելու հնարաւորութիւնը», ըսաւ Սարգսեան։  

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017