ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց քուէյթաբնակ հալէպահայ գործարար եւ հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանը։ Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց անոր հայանպաստ, ազգասիրական գործունէութիւնը թէ՛ իր համայնքէն եւ թէ Հայաստանէ ներս։ Նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձաւ յայտնի գործարարի բարեգործական ծրագրերուն եւ հրապարակագրական աշխոյժ աշխատանքին։

Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան աշխուժացման։

Կիրակոս Գույումճեան նախարարին նուիրեց գիրքեր եւ հրապարակագրական բնոյթով շարք մը յօդուածներ, որոնք տպագրուած են հայերէն եւ արաբերէն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զրոյցին համար ու նշեց, որ նախարարութիւնը բաւական աշխոյժ կ՚աշխատի Սփիւռքի համախմբման, հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու ուղղութեամբ։ «Սփիւռքի նախարարութիւնը ինծի համար մօտիկ ու հարազատ կառոյց մըն է եւ ձեր աշխատանքը ինծի համար շատ կարեւոր է։ Իմ պարտականութիւնն է ամէն ինչ ընել ազգիս ու հայրենիքիս համար», ըսաւ ան։ 

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017