Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք քաղաքական ուժերու՝ «Ազատ հայրենիք», Արցախի ժողովրդավարական եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերը հանդիպում մը ունեցած են նախընթաց օր:
Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, քաղաքական երեք ուժերու պատասխանատուները քննարկած են Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դրոյթներուն համաձայն՝ Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յառաջիկայ ընտրութեան հարցը եւ պայմանաւորուած են շարունակել սոյն օրակարգով քաղաքական խորհրդակցութիւնները՝ հնարաւոր համագործակցութեան նպատակով:
Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017