ՉՈՒՆԵՆԱԼ ՊԱՏՐԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ երկրի կառավարութեան նիստին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, որոնք կառավարութեան ծրագրի հաստատումէն յետոյ ներկայ շրջափուլին դրուած են գործադիր իշխանութեան առջեւ՝ նախանշուած ծրագրերը հետեւողականօրէն իրականացնելու համար։ Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան ներկայ կազմը կը վայելէ իր եւ իր ամբողջ քաղաքական խումբի լիակատար վստահութիւնը։

Ժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Մենք պիտի շարուանակենք հետեւողականօրէն աշխատիլ մեզի համար արտաքին քաղաքական միջավայրը բարելաւելու ուղղութեամբ, սակայն պատրանքներ պէտք չէ ունենանք։ Մենք պէտք է աշխատինք՝ ելնելով այն կանխադրութենէն, որ մեր անբարեացակամ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու մէջ որեւէ դրական փոփոխութիւն այժմ տեղի չ՚ունենար»։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքէն վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ Կարէն Կարապետեան։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը շատ լաւ կը հասկնայ հասարակութեան սպասումները։ Ըստ իրեն, կառավարութիւնը կը հասկնայ նաեւ, որ այդ ճանապարհը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն տրամադրուած է շատ վճռական եւ պիտի իրագործէ նախատեսուած բոլոր ծրագրերը։  

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017