ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանէն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ այն բողոքի ցոյցերուն, որոնք յառաջ կը տարուին իր հրաժարականի պահանջով։ Վեհափառ Հայրապետը տեսաուղերձին մէջ անդրադարձաւ ստեղծուած կացութեան, որու լոյսին տակ իր Հայրապետական յորդորը ուղղեց թէ՛ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ թէ հոգեւորականաց դասուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, որ սղագրուած եւ արեւմտահայերէնի վերածուած է Երեւանի մեր թղթակից Անուշ Թրուանցի կողմէ։

Սիրելի հոգեւոր հայրեր եւ բարեպաշտ հաւատաւոր ժողովուրդ,

Շաբաթներէ ի վեր խումբ մը հայորդիներ, որոնց շարքին են նաեւ երեք եկեղեցականներ, Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակը կը  կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր՝ Հայոց Հայրապետի հրաժարականի պահանջով: 30 յունիսին անոնք նախաձեռնած են բողոքի այդ միջոցառումը կազմակերպել Էջմիածին քաղաքին մէջ: Ի պատասխան այս նախաձեռնութեան, մեր հաւատաւոր զաւակներ զանազան համայնքներէ եւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներ յայտարարութիւն տարածած են, որ պիտի այցելեն Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց զօրակցութիւնը  բերելու Հայոց Հայրապետին: Նկատի ունենալով, որ յուզական լարուած այս իրավիճակին մէջ կրնան տեղի ունենալ անցանկալի երեւոյթներ եւ սադրիչ գործողութիւններ, կրնայ վը-տանգուիլ մեր հաւատաւոր զաւակներուն բարի անունը, մեր եկեղեցւոյ բարի համբաւը՝ Հայրապետիս յորդորն ու խնդրանքն է, որպէսզի եկեղեցւոյ մեր սպասաւորներ իրենց հաւատացեալներով  վերապահ գտնուին եւ զերծ մնան իրենց նախատեսած ծրագրի իրականացումէն: Մեր յորդորն է, որպէսզի այդ նուիրական օրը, երբ եկեղեցին կը տօնէ 12 առաքեալներու տօնը, մեր ժողովուրդի զաւակները զայն անցընեն աղօթքի մէջ: Աղօթեն՝ լոյս պատուիրանները սիրոյ, խաղաղութեան իրենց առաջնորդող ունենալով, հայցեն, որ Տէրը անվրդով պահէ մեր երկիրը, խաղաղութեան ու սիրոյ մէջ՝ մեր ժողովուրդը, աղօթեն մեր հայրենիքի համար, աղօթեն Արցախ աշխարհի համար,  աղօթեն հայոց քաջարի զինուորներուն համար, աղօթեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու շինութեան համար: Մեր յորդորն է, որ աղօթքով անցընեն այդ օրը նաեւ ցոյցի մասնակիցները, դադրեցնեն իրենց ցոյցերը, նաեւ ամսու 30-ին ծրագրուած իրենց բողոքի նախաձեռնութիւնը: Եկեղեցին պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ միշտ ալ ունեցած է խնդիրներ, մարտահրաւէրներ, որոնք

ժամանակին համընթաց քայլելու համար եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդիւնաւոր իրագործելու համար կարիք ունեցած են բարեփոխումներու, կարիք ունեցած են վերատեսութեան ենթարկուելու եւ նոր բանաձեւումներ ստանալու: Փառք Աստուծոյ, այդ հարցերը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ միշտ ալ գտած են իրենց լուծումները,  ինչպէս անցեալին, ինչպէս այսօր, այնպէս եւ՝ վաղը: Այսօր մեր եկեղեցին կը գործէ անկախ պետականութեան պայմաններու մէջ եւ ունի բոլոր հը-նարաւորութիւնները իր գործունէութիւնը արդիւնաւոր կերպով կազմակերպելու, մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի շինութեան, մեր եկեղեցւոյ զօրացման ու պայծառութեան համար: Եւ մենք կը հաւատանք, որ միասնաբար մեր ժողովուրդի հետ, մեր եկեղեցականաց դասով մենք պիտի կարողանանք մեր եկեղեցին դարձնել զօրաւոր եւ արդիւնաւոր իր առաքելութեան մեջ:

Թող Տէրը օրհնէ հայոց աշխարհը, Հայաստան եւ Արցախ մեր երկիրը, հաւատաւոր մեր զաւակները՝ ի սփիւռս աշխարհի եւ պահէ, պահպանէ ապահով, ան-վըտանգ՝ սիրոյ, խաղաղութեան մէջ կերտելու իրենց երազներու լուսաւոր հայրենիքը: Ամէն:  

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018