ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասի հետ։ Ողջունելով իր հայ պաշտօնակիցը՝ գերմանացի նախարարը նշեց, որ այցելութիւնը լաւ առիթ մըն է անձամբ ծանօթանալու, երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ քննարկումներ ծաւալելու, նաեւ նոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելով  հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյութիւն ունի յագեցած ու լայն օրակարգ մը։ Երկու երկիրները կը համագործակցին բազմաթիւ ուղղութիւններով, զանազան միջազգային հարցերու առընչութեամբ ունին համահունչ դիրքորոշումներ ու փոխըմբռնում։ «Պատահական չէ, որ Գերմանիա ԵՄ-ի երկիրներու շարքին առաջինն է, ուր ես պաշտօնական այցելութիւն կու տամ իմ ներկայ կարգավիճակով։ Սա ինքնին խօսուն փաստ մըն է եւ լաւագոյնս կը բնորոշէ մեր գործունէութիւնը», նշեց Մնացականեան։

Զրոյցի տեւողութեան Մնացականեան գերմանացի պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստանի վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները, բարեփոխումներու գործընթացը, որոնք ուղղուած են երկրէ ներս ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներէ ներս հաւասարութեան եւ արդարութեան երաշխաւորման, փտածութեան դէմ աներեր պայքարի։ Զրուցակիցները կարեւորեցին յեղափոխութեան զուգորդած իրադարձութիւններու խաղաղ բնոյթը եւ զսպուածութիւնը՝ ընդգծելով Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ պետական հաստատութիւններու հասունութիւնը։ Գերմանացի նախարարի խօսքով՝ Հայաստանի իրադարձութիւնները քաղաքական խաղաղ փոփոխութիւններու ակնառու օրինակ կը հանդիսանան։

Զօհրապ Մնացականեան երախտագիտութիւն յայտնեց գերմանացի ժողովուրդին՝ անկախութենէն ի վեր Հայաստանի ի նպաստ ցուցաբերած բազմաբնոյթ օժանդակութեան համար, ինչ որ կարեւոր դեր խաղացած է երկրէ ներս ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ։

Նախարարները անդրադարձ կատարեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան։ Մնացականեան ընդգծեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կարեւորութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան միջազգայնօրէն համաձայնեցուած ձեւաչափի շրջանակներէն ներս հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ի նպաստ։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմի տեսակէտէ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութեան հարցերը կը հանդիսանան առաջնահերթութիւններ։ Բանակցային գործընթացի յառաջ մղման առումով Մնացականեան կարեւորեց խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը։ Այս ամբողջին մէջ Մնացականեան ընդգծեց, որ Եւրոպայի գործընկերները պէտք է աչալուրջ ըլլան այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը խանգարող բոլոր գործողութիւններու պարագային, ներառեալ սպառազինութիւններու մրցավազքը խթանող քայլերը։

Հայքօ Մաասն ալ վերահաստատեց Գերմանիոյ անվերապահ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն ի նպաստ՝ կարեւորելով հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ եւ քաղաքական կարգաւորումը։

Երկու նախարարները կանգ առին նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու վրայ՝ մասնաւորապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ զարգացումները։

Նախարարները զրոյցէն վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Զօհրապ Մնացականեան այս առթիւ մատնանշեց, որ Եւրոմիութեան երկիրներու շարքին Գերմանիա աւանդաբար կը հանդիսանայ Հայաստանի խոշորագոյն գործընկերներէն մին, որ աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկրի տնտեսութեան զանազան ոլորտներուն մէջ։

Բաց աստի, Մնացականեան Պերլինի մէջ տեսակցեցաւ Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Հելմուտ Թայխմանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերը։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին։ Կողմերը այդ մէկը կարեւորեցին թէ՛ Եւրոմիութեան եւ թէ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու հետ Հայաստանի գործընկերութեան զարգացման տեսանկիւնէն։ Նոյն ծիրին մէջ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-ԵՄ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկին կապակցութեամբ։ Նախարար Մնացականեան նշեց, որ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու եւ մասնաւորապէս Գերմանիոյ աջակցութիւնը այս ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու հարցին մէջ։ Մնացականեան ընդգծեց այս գործընթացի կարեւորութիւնը՝ երկու հասարակութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման առումով։

Հելմուտ Թայխման Մնացականեանին ներկայացուց գերմանական կողմին մտադրութիւնը՝ Հայաստանը անվտանգ երկիրներու շարքին ընդգծելու վերաբերեալ։ Այս մտադրութիւնը ողջունուեցաւ Մնացականեանի կողմէ։

Հանդիպման տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ փախստականներու հարցերու եւ գաղթականաց ապօրինի հոսքերու վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։ Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի գաղթի քաղաքականութեան եւ սահմաններու կառավարման բարելաւման, ետընդունման ու վերահամարկման կարողութիւններու ուղղութեամբ տարուող շարունակական աշխատանքները։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան Պերլինի մէջ այցելեց նաեւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի կեդրոնը, ուր հիւրընկալուեցաւ այդ կառոյցի ղեկավար Նորպերթ Լամմերթի կողմէ։  

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018